Որոնել

Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեզ Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեզ 

Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը նշանակուեցաւ Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատսչութեան նոր Վերատեսուչ

Գերապայծառ Ֆերնանտէսը կը յաջորդէ կարդինալ Լուիս Ֆրանցիսքօ Լատարիա Ֆերերին, որուն Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է` որպէս Վերատեսուչ իր կատարած աշխատանքին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ մէկ Յուլիս 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը նշանակեց Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատսչութեան նոր Վերատեսուչ եւ Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնաժողովի ու Աստուածաբանական միջազգային յանձնաժողովի նախագահ, Ան այս պաշտօնները պիտի ստանձնէ 2023ի սեպտեմբեր ամսուայ կէսէն սկսել։

Գերապայծառ Ֆերնանտէսը կը յաջորդէ կարդինալ Լուիս Ֆրանցիսքօ Լատարիա Ֆերերին, որուն Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է` որպէս Վերատեսուչ իր կատարած աշխատանքին համար։

Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսը, մինչեւ այսօր կը վարէր Արժանթինի մէջ Փլաթա թեմի Առաջնորդի պաշտօնը։

Ան ծնած է 18 յուլիս 1962ին, Արժանթինի Քորտոպա մարզի Ալչիրա Ճիճենա քաղաք։ Քահանայ ձեռնադրուած է 15 օգոստոս 1986ին եւ աստուածաբանական ուսմունքներ աւարտած է ըլլայ Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանին մէջ, ըլլայ Պուէնըս Այրէսի Աստուածաբանական Համալսարանին մէջ։

1993էն մինչեւ 2000 թուական ան ծառայած է որպէս ժողովրդապետ ու եղած է նաեւ դասատու եւ Նորընծաներու կազմաւորող։ 2007ին, որպէս Արժանթինը ներկայացնող Քահանայ մասնակցեցաւ Արժանթինի Եպիսկոպոսներու  հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Ափարեսիտայի մէջ՝ ապա մաս կազմեց աւարտական փաստաթուղթի շարադրումի խումբին։

2008էն 2018 տարիներուն ծառայեց Արժանթինի Կաթողիկէ Քահանայապետական Համալսարանին մէջ նախ որպէս Աստուածաբանութեան մասնաճիւղի Տեսուչ ապա որպէս համալսարանի ՌԷկտոր

13 Մայիս 2013ին Ֆրանչիսկոս Պապը զինք նշանակեց Արքեպիսկոպոս եւ 2018ին անուանուեցաւ Լա Փլաթա թեմի Արքեպիսկոպոս։ 2017ին ընտրեցուեցաւ Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Հաւատքի եւ մշակոյթի Եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ։

Ան ստորագրած է 300է աւելի հրատարակութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Հաւատքի վարդապետութեան վերատեսչութեան նոր վերատեսուչին յղած է շնորհաւորական նամակ որուն մէջ նշած է, որ այս նոր պաշտօնը արժէքաւոր է, որովհետեւ անոր պարտականութիւնն է պաշտպանել հաւատքին ուսուցումը ու այդ պարտականութիւնը կ՝ընդկրկէ յատուկ հոգատարութիւն, ստուգելու համար, որ վերատեսչութեան փաստաթուղթերը ունենան համապատասխան աստուածաբանական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ համահունչ ըլլան եկեղեցւոյ վարդապետութեան։

Նամակի աւարտին Քահանայապետը Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսին համար հայցած է Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու պաշտպանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2023, 12:28