Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Լամփետուզա կղզիին մէջ կ՝ողջունէ գաղթական մը Ֆրանչիսկոս Պապ Լամփետուզա կղզիին մէջ կ՝ողջունէ գաղթական մը 

Պատմութեան սքանչելի էջերուն մէջ քանդակուած, Ֆրանչիսկոս Պապին Լամփետուզա կղզիի այցելութեան 10-րդ տարեդարձը

8 Յուլիս 2013-ին Սրբազան Պապը յոյսի այց մը կատարեց Լամփետուզա ու այդ այցը մնաց քանդակուած պատմութեան սքանչելի էջերուն մէջ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը աշխարհին տուաւ իսկական քրիստոնէական վկայութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 8 յուլիս 2023ին, կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին տասը տարի առաջ Իտալիոյ Լափմետուզա կղզի կատարած առաջին առաքելական ճամբորդութեան 10-րդ տարեդարձը։

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ 2013-ի յուլիս 8-ին, իր քահանայապետութեան առաջին այցը յատկացուց Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լամփետուզա կղզիին, որ վերջին տարիներուն դարձած է փախստականներու եւ գաղթականներու կեդրոնատեղի ու նրբանցք դէպի Եւրոպա։

Ֆրանչիսկոս Պապ այդ ժամանակ անակնկալ կերպով որոշեց այդ այցելութիւնը կատարել աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան ու յատկապէս Ափրիկէէն նաւաբեկուած ներգաղթի դիմող բազմաթիւ զոհերուն համար որոնք այդ օրերուն իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրական ծովուն ջուրերուն մէջ։

Իր ընտրութեան առաջին օրէն իսկ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ ու կը շարունակէ հետեւիլ գաղթականութեան երեւոյթին եւ առիթ չի կորսնցներ համայն աշխարհին յիշեցնելու թէ գաղթականներն ու փախստականները, մեզի նման անձեր են, եւ ունին իրենց իւրայատուկ արժանապատուութիւնը եւ թէ պէտք է յարգել անոնց մարդկայնական իրաւունքները ու այդ իրաւունքներու ամենէն սուրբը` կեանքը։

Սրբազան Քահանայապետը իր բազմաթիւ հանդիպումներու, հրապարակային ունկնդրութիւններու ու միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին ունեցած ելոյթներուն մէջ յաճախ դատապարտած է ''անտաբերութեան մշակոյթը'' ու առաջարկած է փախստականներուն մօտենալ ''անհաշիւ, աներկիւղ, գթարար ու հասկացողի ոգիով''։

Սրբազան Հայրը ընդգծած է որ ''փախստականները կու գան լաւագոյն կեանքի պայման գտնելու յոյսով, փախուստ տալով ողբերգութենէն, աղքատութենէն, պատերազմէն ու ընդհարումներէն, որոնք յաճախ արդիւնքն են միջազգային քաղաքականութեան''։ Ան միշտ հրաւիրած է այդ ողբերգութիւնը դիմագրաւել ոչ թէ անտարբերութեան տրամաբանութեամբ, այլ հիւրընկալութեան ու բաժնեկցութեան հոգիով, յանուն ամէն անհատի մարդկային արժանաւորութեան''։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չէ թերացած իր ձայնը լսելի դարձնելու նաեւ ''պատասխանատու իշխանութիւններուն'' հրաւիրելով զանոնք ''աւելի քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ օգնութեան հասնելու փախստականներուն''։

8 Յուլիս 2013-ին Սրբազան Պապը յոյսի այց մը կատարեց Լամփետուզա ու այդ այցը մնաց քանդակուած պատմութեան սքանչելի էջերուն մէջ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը աշխարհին տուաւ իսկական քրիստոնէական վկայութիւն մը։

Այդ եզակի այցելութեան մասին դրականօրէն արտայայտուեցաւ նաեւ մամուլը որ ճամբորդութիւնը որակեց ''Մարդկային խղճի վեհանձն պահ մը'' կամ ''քահանայապետութեան ամենալաւագոյն ներկայացումի ձեւը աշխարհին, քրիտոնեաներուն, այլ կրօնի հաւատացեալներուն եւ ոչ հաւատացեալներուն'', մինչ այլ լրագրողներ ճամբորդութիւնը որակեցին ''պատմական, անկիւնաքար եւ կամ կեանքի շրջաբերական։''

Չորս ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը միջերկրական ծովու ջուրերուն յանձնեց ծաղկեփունջ մը ի յիշատակ այդ ջուրերուն մէջ մահացած հազարաւոր անհատներուն ու ապա կղզիի բացօթեայ տարածքի վրայ մատոյց սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ու գաղթականներ որոնց շարքին նաեւ մահմետականներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յստակօրէն դատապարտեց ''անտարբերութեան համաշխարհակայնացումը'' եւ '' ընկերա-տնտեսական որոշումները առնող անանուն իշխանութիւնները որ կը հարթեն ողբերգութեան ճանապարհը''։Ան հուսկ միեւնոյն ատեն ''ներողութիւն'' հայցեց մարդկային խղճի անտարբերութեան` հանդէպ մարդուն։

Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս ուզեց շեշտը դնել Եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ որպէս` Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն հանդէպ` չքաւորին, աղքատին, տկարին, գաղթականին, եւ ուզեց խրախուսել մարդկութիւնը անտարբեր չմնալու ի տես ողբերգութիւններուն մաղթանք յայտնելով, ''որ պատահածը դարձեալ չկրկնուի։''

Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ, աշխարհի անգթութեան ու անոնց համար որոնք ընկերա-տնտեսական որոշումներով ճանապարհը կը հարթեն ողբերգութեան - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ ու ապա եզրափակեց աղօթքով մը որուն մէջ ըսաւ ''Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։''
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2023, 09:55