Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարհի մէջ սովը կ՝աճի, անխուսափելի են վճռական գործողութիւնները»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Աշխարհի մէջ միլիոններով անձեր կը շարունակեն ենթարկուիլ թշուառութեան եւ թերասնունդի, զինուած հակամարտութիւններու պատճառաւ, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան եւ բնական աղէտներու հետեւանքներու պատճառաւ։ Ասոր համար, անխուսափելի է վճռական եւ իրաւասու գործողութիւն մը՝ արմատախիլ ընելու համար աշխարհի մէջ անօթութեան պատուհասը, որ կը յառաջանայ փոխանակ դադրելու»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ՄԱԿ-ի Պարէնի և գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան 43 րդ ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն ուղղած պատգամի առանցը, զոր ընթերցեց, ՄԱԿ-ի Պարէնի և գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Քիքա Արելլանոն։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել կու տայ, որ, «աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնները, հիմնական աղբիւրներուն հասանելիութեան բացակայութիւնը՝ ինչպէս կերակուրը, խմելիք ջուրը, առողջութիւնը, կրթութիւնը, մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ լուրջ վիրաւորանք է։
Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ նաեւ, որ զանգուածային տեղաշարժումները, միացած քաղաքական լարուածութեան հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ռազմական՝ համաշխարհային գետնին վրայ, կը տկարացնեն այն բոլոր ջանքերը, որ կը կատարուին երաշխաւորելու համար անձերու կեանքի պայմաններուն բարելաւումը, անոնց ներքին արժանապատւութեան պատճառով։
Անօթիին կերակուր տալը, ապրանք տալ չէ, այլ արժանապատուութիւն շնորհել է ։
«Անփոխարինելի է Միացեալ Ազգերու ողջ ընտանիքի համատեղ եւ համագործակցական աշխատանքը։ Հակամարտութեան եւ ընդդիմութեան համար կարելի չէ տեղ տալ՝ երբ այսօրուան հսկայական մարտահրաւէրները կը պահանջեն ամբողջական եւ բազմակողմանի մօտեցում», կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրելով կառավարութիւններէն, ընկերութիւններէն, ակադեմիական աշխարհէն, միջազգային հաստատութիւններէն, քաղաքացիական ընկերութենէն որ համատեղ ջանքեր գործադրեն՝ համակարգելու համար կանխարգելիչ չափանիշեր ի նպաստ բոլորին, յատուկէն՝ աղքատներու։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ'եզրափակէ նշելով, որ Սուրբ Աթոռը իր հերթին պիտի շարունակէ իր ներդրումը ունենալ, որպէսզի մեր աշխարհին մէջ ոչ մէկը զրկուի առօրեայ հացէն ու մեր Երկիր մոլորակին շնորհուի այն պաշտպանութիւնը, որ կը պահանջէ, որպէսզի ան դառնայ գեղեցիկ պարտէզ մը, որ դուրս եկաւ Արարիչին ձեռքերէն, մարդ էակի ուրախութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ