Որոնել

2023.07.02 Angelus

Չանտեսենք բազմաթիւ մոռցուած պատերազմները եւ աղօթենք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հետաքրքրուինք պատահածով, օգնութիւն մատուցենք անոր` որ կը տառապի եւ աղօթենք, որովհետեւ աղօթքը այն հեզ ուժն է, որ մեզ կը պաշտպանէ ու աշխարհին թիկունք կը կանգնի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յուլիս 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէ արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս ամարային այս շրջանին եւս չյոգնինք խաղաղութեան համար աղօթելէ ու մասնաւոր կերպով մեծապէս տառապող ուքրանացի ժողովուրդին համար։ Եւ չանտեսենք միւս պատերազմները, որոնք դժբախտաբար յաճախ մոռցուած են, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հակամարտութիւններն ու բախումները ,որոնք կարիւնոտեն մեր մոլորակը։ Բազմաթիւ պատերազմներ կան այսօր։ Հետաքրքրուինք պատահածով, օգնութիւն մատուցենք անոր` որ կը տառապի եւ աղօթենք, որովհետեւ աղօթքը այն հեզ ուժն է, որ մեզ կը պաշտպանէ ու աշխարհին թիկունք կը կանգնի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ան ապա յատուկէն յիշեց եւ ողջունեց տարբեր երկիներէն ու Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալներու խումբերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք հայցելով իրեն համար։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2023, 12:29