Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պիլ Քլինթըն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պիլ Քլինթըն  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ԱմՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընը

Վատիկանի մէջ Նորին Սրբութեան եւ Ամերիկայի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի միջեւ առանձնազրոյց

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 5 յուլիսին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միացեալ նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընը։

Նորին Սրբութեան եւ Ամերիկայի նախկին նախագահի միջեւ տեղի ունեցած առանձնազրոյցի ընթացքին քննարկուած է խաղաղութեան նիւթը։

Հանդիպումի աւարտին ,ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպած եւ ողջունած է Ամերիկայի նախագահին դէպի Հռոմ եւ Եւրոպա ընկերացող անվտանգութեան մարմնի անադամները։, որոնք առիթը ունեցան նաեւ այցելելու Վատիկանի կարգ մը վայրերը։

Պիլլ Քլինթըն որ եղած է Միացեալ նահանգներուն 42 րդ նախագահը 1993 յունուար ամիսէն մինչեւ 2001 յունուար ամիս, Վատիկան այցելած էր 2 յունիս 1994ին ու հանդիպած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2023, 09:43