Եղէք խաղաղութեան մարգարէներ. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քորէացիներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Տարբեր պատերազմներն ու զինեալ հակամարտութիւնները, որոնք այսօր կը տանջեն մարդկային ընտանիքը ու մասնաւորապէս մեր աւելիով դիւրաբեկ եղբայրներն ու քոյրերը ողբերգական կերպով ցոյց կու տան անհրաժեշտութիւնը աւելի հետեւողական հսկողութեան պաշտպանելու եւ խթանելու համար արդարութիւնը եւ բարեկամական համագործակցութիւնը հասարակութիւններու մէջ եւ ժողովուրդներու միջեւ»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք, որոնք երէկ` 27 Յուլիսին հնչեցին Սէուլի Միեյոնկ-տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ` Քորէական պատերազմի զինադադարի եօթանասուներորդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին։
Պատգամը ուղղուած էր Քորէայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Մաթիաս Ռի Եոնկհունին, ու անոր ընթերցումը կատարեց Կղերի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Լածծարօ Եու Հուէնկ-սիքը աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ խաղաղութեան համար մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին։
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց քորէացիները դառնալու «խաղաղութեան մարգարէներ», յիշեցնելով որ «խաղաղութիւնը կը հիմնուի իւրաքանչիւր անձի յարգանքի վրայ, օրէնքի ու հասարակաց բարիքի յարգանքի, արարչագործութեան յարգանքի, որ մեզի վստահուեցաւ ու նաեւ անցեալի սերունդներէն մեզի փոխանցուած բարոյական հարստութեան յարգանքին վրայ»։
Նորին Սրբութիւնը Քորէացիներուն կը վստահեցնէ ապա իր մօտիկութիւնը ու կը մաղթէ, որ այս տարեդարձը ըլլայ առիթ նորոգելու իրենց յանձնառումը Աստուծոյ Արքայութեան կառուցումին համար, որ «լի է Սուրբ Հոգիի մէջ արդարութեամբ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ»։ Ան պատգամը կ՛աւարտէ յոյս յայտնելով, որ «զինադադարի համաձայնութեան յիշատակումը ցոյց տայ ոչ միայն յարձակումներու դադրեցումը այլ նաեւ հաշտութեան, եղբայրութեան եւ ներդաշնակութեան շքեղ ապագայ մը` ոչ միայն թերակղզիին մէջ այլ համայն աշխարհին համար»։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քորէական թերակղզին այցելած էր 2014ի օգոստոսին եւ այնտեղ մատուցած խաղաղութեան եւ հաշտութեան նուիրուած սուրբ պատարագը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ