Որոնել

++ Zuppi, la guerra coinvolge il Papa 'fino alle lacrime' ++

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին Քահանայապետին անունով կը մեկնի Քիեւ

Նախաձեռնութիւն մըն է` որուն հիմնական նպատակն է խորապէս մտիկ ընել Ուկրանիայի իշխանութիւններուն` արդար խաղաղութեան հասնելու հնարաւոր ուղիներու մասին առաջարկներուն և աջակցիլ մարդասիրական արարքներուն, որոնք կը նպաստեն լարուածութեան թուլացման։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի 5 Յունիս 2023ին Սուրբ Աթոռը յայտարարեց, թէ «այնպէս ինչպէս նախօրոք յայտարարուած էր, կը տեղեկացուի, որ 5 եւ 6 Յունիս 2023ին, Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի` Պոլոնիայի Արքեպիկսոպոս եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահ, Քիեւ կը մեկնի, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ»։ 

«Նախաձեռնութիւն մըն է` որուն հիմնական նպատակն է խորապէս մտիկ ընել Ուկրանիայի իշխանութիւններուն` արդար խաղաղութեան հասնելու հնարաւոր ուղիներու մասին առաջարկներուն և աջակցիլ մարդասիրական արարքներուն, որոնք կը նպաստեն լարուածութեան թուլացման»։

Կարդինալ Ծուփիին յանձնուած այս առաքելութեան լուրը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տարածած էր անցեալ 20 Մայիսին։ Ատկէ առաջ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը խօսած էր խաղաղութեան «առաքելութեան» մը մասին, որուն յաջորդած էր նաեւ Կարդինալ Փարոլինի յայտարարութիւնը, որով Ան հաստատած էր` թէ առաքելութեան նպատակն է «խթանել յարմար մթնոլորտ, որ տանի դէպի խաղաղութեան ուղիներ»։

«Առ այժմ խօսակիցները Մոսկուան եւ Քիեւն են», ըսած էր Կարդինալ Փարոլինը, ընդգծելով նաեւ թէ այս երկխօսութեան ճանապարհին վրայ «չեն ուզեր բացառել ոչ մէկը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2023, 09:00