Որոնել

Cardinal Matteo Zuppi, Pope's envoy for the Ukrainian settlement, visit to Moscow

«Կարեւոր է, որ Եկեղեցիները գործեն ի սպաս խաղաղութեան» - Կարդինալ Ծուփփի - Քիրիլ Պատրիարք հանդիպում

Զրուցակիցները վերահաստատեցին կրօններու դերակատարութիւնը ի սպաս առադրութեան եւ խաղաղութեան։ Կարդինալ Ծուփփիին կէսօրէն ետքը մատուցած պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ ու կղերական դասին հետ խորան բարձրացաւ Մոսկուայի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Պետրոս Ծ. վրդ. Եսայեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւնը ի ծառայութիւն խաղաղութեան եւ արդարութեան դատին». Այս եղաւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի եւ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի կեդրոնական նիւթը։ Հանդիպում` որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 29 Յունիսին, Կարդինալ Ծուփփիի Մոսկուա կատարած խաղաղութեան ի սպաս առաքելութեան ներքոյ, որուն ընթացքին անոնք համաձայն գտնուեցան այն գաղափարի կարեւորութեան վրայ, թէ «աշխարհի բոլոր ուժերը պէտք է միանան կանխարգիլելու համար աւելի մեծ զինեալ հակամարտութիւն մը»։

Կարդինալ Ծուփփի Քիրիլ Պատրիարք հանդիպում
Կարդինալ Ծուփփի Քիրիլ Պատրիարք հանդիպում

Հանդիպումի ընթացքին Քրիլիլ Պատրիարքը իր ուրախութիւնը յայտնած է հանդիպումին համար եւ գնահատած է Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումը` Կարդինալ Ծուփփին Մոսկուա ուղարկած ըլլալուն համար. «Դուք ղեկավարն էք Իտալիոյ ամենամեծ Թեմերէն մէկուն եւ նշանաւոր Արքեպիսկոպոս` որ կարևոր ծառայութիւն կը մատուցէ իր ժողովուրդին» հաստատած է Քիրիլ Պատրիարքը մինչ Կարդինալ Ծուփփին առիթէն օգտուելով Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքը հրաւիրած է Պոլոնիա։ ։

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի
Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի

Սուրբ Պատարագ Աստուածամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ

Պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետքը Կարդինալ Ծուփփին Աստուածամօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն աւարտին հանդիպեցաւ նաեւ կաթողիկէ հասարակութեան անդամներուն հետ անոնց փոխանցելով Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու աղօթքը։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ծիրանաւորը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան վրայ` Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տիպարին վրայ, ի միջի այլոց հաստատելով, որ «Եկեղեցին մեզ իրար նման չի դարձնէր, այլ միացած, տարբեր` բայց միասին», եւ ասկէ մեկնելով ընդգծեց միութեան կարեւորութիւնը, որ ի յայտ կու գայ ոչ թէ իշխանութենէն այլ փոխադարձ ծառայութենէն, այս ուղղութեամբ խրախուսելով այդ միութեան յարատեւ փնտռտուքը, որովհետեւ «բաժանումը գայթակղութիւն է` Յիսուսին համար, որ կը կամենայ, որ ամէնքս մէկ ըլլանք» յարեց Ան։

Սուրբ Պատարագ Աստուածամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ
Սուրբ Պատարագ Աստուածամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ

Կարդինալ Ծուփփին անդրադարձաւ ապա Քահանայապետին կողմէ իրեն յանձնուած խաղաղութեան առաքելութեան, այս առնչութեամբ նշելով, որ Եկեղեցին, որպէս մայր, յարատեւ կը հայցէ խաղաղութեան պարգեւը, որովհետեւ «իւրաքանչիւր անձին ցաւը իր ցաւն է» եւ ահա այս է` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կամքով իրագործուած մեր առաքելութեան նպատակը, որ «չի յանձնուիր եւ կը շարունակէ ամէն բան ի գործ դնել, որպէսզի խաղաղութեան սպասումը հասնի իր նպատակին»։

Կարդինալ Ծուփփի եւ Հայր Պետրոս Եսայեան
Կարդինալ Ծուփփի եւ Հայր Պետրոս Եսայեան

Յայտնենք թէ Կարդինալ Ծուփփիին մատուցած պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ ու կղերական դասին հետ խորան բարձրացաւ նաեւ Մոսկուայի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Պետրոս Ծ. վրդ. Եսայեան։

Կարդինալ Ծուփփին այսօր` ուրբաթ 30 Յունիսի կէսօրէն ետքը վերադարձ կը կատարէ Հռոմ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2023, 08:00