Եօթը տարիներ անցան Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարած պատմական ճամբորդութենէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
24 Յունիս թուականը Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայերուն համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող թուական մըն է, այդ օր կը յիշատակուի պատմութեան մէջ Հայաստան երկիր ժամանած երկրորդ Քահանայապետի մը այցը, յանձին հայասէր Քահանայապետ` Ֆրանչիսկոս Պապին։ Անորմէ առաջ Հայաստանը այցելած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, 2001 թուականին Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով։
Եօթը տարիներ անցան այդ պատմական թուականէն ` 2016ի 24 Յունիսէն, երբ Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր հետ ճամբորդող լրագրողներն ու շքախումբը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի Զուարթնոց օդակայան, գրեթէ չորս ժամ տեւած թռիչքէ մը ետք։
Օդանաւի սանդուխներու ոտքին, Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, ի ներկայութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի, Պետական իշխանութիւններու, Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու։
Հայկական աւանդական սովորութեան համաձայն երկու մանուկներ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին հացն ու աղը` որպէս բարի գալուստի մաղթանք։
Եռագոյնի գոյներով փունջ մը ծաղիկ Տիրամօր
Հռոմէն չմեկնած Քահանայապետը, որ սովոր է միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններէն առաջ եւ ետքը, այցելութիւն տալ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» տաճար եւ այնտեղ գտնուող «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր հովանիին վստահիլ յանձն առնելիք առաքելական ճամբորդութիւնը, Հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ի երեկոյեան եւս այցելեց վերոնշեալ քահանայապետական պազիլիքան եւ այնտեղ իր աղօթքը կատարելէն ետքը Տիրամօր սրբապատկերին տակ զետեղեց կարմիր կապոյտ նարնջագոյն` Հայաստանի դրօշակի գոյներով, փունջ մը ծաղիկ։
Յիշողութիւնը ապագայի եւ խաղաղութեան աղբիւր
Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդը իր յարգանքի տուրքը մատուցելով հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն. Այս առթիւ ծիծեռնակաբերդի ոսկեմատեանի մէջ ան արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը. «Այստեղ կ՝աղօթեմ՝ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի՝ այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չկատարուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ բարութեամբ յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած շնորհէ սիրուած հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին խաղաղութիւն ու սփոփանք։ Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը պէտք չէ ոռոգուի եւ ոչ ալ մոռացումի ենթարկուի։
Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի ակնաղբիւրն է»։
«Հայերու ցաւը մեր ցաւն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ
Շաբաթ` 25 Յունիս 2016-ի երեկոյեան Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Երեւանի Հրապարակին վրայ կայացած համամիութենական ու խաղաղութեան համար աղօթքի առթիւ հրապարակած թուիթի մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը արտայայտելով հայ ազգի զաւակներուն Քահանայապետական Թուիթրեան կայքին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայերու տառապանքները մեզի կը պատկանին, այդ տառապանքները Քրիստոսի խորհրդաւոր Մարմնին անդամներու ցաւերն են։ #PopeInArmenia»։
Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուած էր Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր` Հայաստան, որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր եւ Աւետարանի ծառայ, իղձ ունենալով միանալ հայ ազգի զաւակներու աղօթքին ու անոնց հետ միասին փառաբանել Տէրը, հայ ազգին շնորհած իւրայատուկ պարգեւին համար, այն է ըլլալ աշխարհի վրայ քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն ընդունած առաջին ազգը, որ նաեւ ճիշտ այդ իր հաւատքին համար չզլացաւ իր արիւնը թափելու ու դառնալու նահատակներու ազգ։
Քրիստոնէական հաւատքի արմատներուն խորութիւնը
Այս ուղղութեամբ յայտնենք` թէ Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահական պալատին մէջ արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Փառք ու պատիւ Հայ ժողովրդին, որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով, նոյնիսկ իր պատմութեան ամենաորբերգական պահերու ընթացքին, Քրիստոսի Խաչի եւ Յարութեան մէջ միշտ գտած է վերականգնելու ոյժը եւ պատուով վերսկսելու ընթացքը: Այս ցոյց կու տայ թէ որքան խոր են քրիստոնէական հաւատքի արմատները»։
Աստուած օրհնէ Հայաստանը
Քահանայապետը անդրադարձ կատարած էր նաեւ այդ տարի նշուող Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակին ընդգծելով, որ «Այս ուրախ յոբելեանի տօնակատարութիւնները առաւել իմաստալից կ՛ըլլան, եթէ բոլոր հայերուն համար, Հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ, անիկա ըլլայ իւրայատուկ պահ մը` համախմբելու եւ համակարգելու ուժերը՝ ապահովելու նպատակով Երկրի բարեկիրթ եւ ընկերային հաւասարակշիռ եւ համապարփակ զարգացումը»:
«Աստուած օրհնէ եւ պաշտպանէ Հայաստանը, լուսաւորուած հաւատքով, նահատակներու քաջութեամբ, յոյսով՝ որ աւելի զօրաւոր է քան ամէն ցաւ» մաղթած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եօթը տարիներ առաջ Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ