Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մոնկոլիա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մոնկոլիա։
Լուրը հաղորդեց, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Տիար Մաթթէօ Պրունին, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի «Ընդունելով Մոնկոլիոյ նախագահին եւ երկրի եկեղեցական իշխանութիւններուն հրաւէրը, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մոնկոլիա՝ յառաջիկայ 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր։ Ճամբորդութեան օրակարգը ու յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին յաջորդիւ»։ Նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ