Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Ոչ մնացորդութիւն արտադրող տնտեսութեան»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Centesimus Annus հիմնադրամի անդամներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 5 յունիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քահանայապետերու ի նպաստ Centesimus Annus հիմնադրամի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ վերոյիշեալ հիմնադրամը գոյութիւն ունի երեսուն տարիէ ի վեր ու սկիզբ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի գրած շրջաբերականէն ետք՝ Լեւոն ԺԳ Պապին Rerum novarum պատմական առաքելական նամակին հարիւր ամեակի առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Evangelii gaudium շրջաբերականին մասին, որուն մէջ զգուշացուցած է տնտեսականութիւնը անառողջ ապրելու ձեւէն, դիտել տալով որ անիկա տնտեսականութիւն մըն է, որ կը սպանէ, ընդգծելով որ տնտեսականութեան կեդրոնը պէտք է զետեղուած  ըլլայ անձը, տնտեսականութիւն մը, որ չնուաստացներ աշխատաւորը, այլ կը փորձէ բոլորի բարիքը փնտռել։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականը ընդգծեց, թէ ոչ մէկը կրնայ մինակը փրկուիլ ու ընկերային եղբայրութեան եւ բարեկամութեան յայտնաբերումը հիմնական է, որպէսզի չ՝ենթարկուինք անհատապաշտութեան մը, որ կորսնցրել կու տայ ապրելու ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով հիմնադրամին կողմէ գումարուած համագումարին վերնագիրին, «Յիշատակը կառուցելու համար ապագան, գործել եւ մտածել հասարակութեան տեսանկիւնէն» նշեց, որ հասարակութիւն մը որպէսզի դառնայ վայր մը՝ ուր դիւրաբեկը կրնայ ընդունելի եւ լսելի դառնայ, բոլորին կողմէ կարիքը կայ տարածութիւն ստեղծելու վարժութիւնը։ «Իւրաքանչիւր անձ քիչ մը իր եսը նուազեցնելով թոյլ կու տայ ուրիշին գոյատեւելու։ Ասոր համար հարկ է, որ հասարակութեան հիմքը ըլլայ պարգեւի բարոյականութիւնը եւ ոչ թէ փոխանակման։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը ընդգծելով, որ հասարակութեան տեսանկիւնէն մտածել ու գործելը կը նշանակէ ուրիշներուն տեղ տալ, երեւակայել եւ աշխատիլ ապագային մը համար ուր իւրաքանչիւր անձ կրնայ իր տեղը գտնել ու ունենալ աշխարհի մէջ վայր մը։

«Հասարակութիւն մը, որ գիտէ ձայն տալ անոր որ ձայնէ զուրկ է բան մըն է, որ բոլորս կարիքը ունինք», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով ինչպէս միշտ խնդրելով նաեւ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2023, 11:21