Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը` ԵՀՕ ուխտաւորներուն եւ կազմակերպիչներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 22 յունիսին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը ուղղուած Լիզպոնի մէջ 40 օր ետք կայանալիք ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն ու այդ հաւաքի նախապատրաստութեամբ զբաղող կազմակերպիչ անդամներուն։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Ձեզի երիտասարդներ, որ կը պատրաստուիք Լիզպոն մեկնելու կամ հեռուէն պիտի հետեւիք երիտասարդներու համաշխարհային Օրուան։ Օրը գրաւիչ կէտ է բոլորիս համար։
Այս պահուն անիկայ այն կէտն է, որուն պէտք ենք նայիլ։ Որուն պէտք էք նայիլ դուք երիտասարդներդ։ Օն յառաջ։
40 օրեր կը պակսին, նման քառասնորդացի, Լիզպոնի հանդիպումին։ Ես պատրաստ եմ։ Արդեն ամէն ինչ ունիմ, անհամբեր կը սպասեմ մեկնումի պահը։ Ոմանք կը կարծեն թէ հիւանդութեան պատճառաւ պիտի չկարենամ երթալ, սակայն բժիշկը ինծի ըսաւ, որ կրնամ ուստի ձեր հետը պիտի ըլլամ։
Օն յառաջ, երիտասարդներ։
Եւ մտիկ մի ընէք անոնց, որ կեանքը կը վերածեն գաղափարներու։ Խեղճեր։
Անոնք կորսնցուցին կեանքի ուրախութիւնը եւ հանդիպումի ուրախութիւնը։ Աղօթեցէք անոնց համար։
Բայց՝ դուք, ձեր համայն կեանքով, կեանքի երեք լեզուներով. Գլխի լեզուն, սիրտի եւ ձեռքերու լեզուն։
Գլխի լեզուն, յստակ մտածելու համար այն ինչ, որ կը զգանք եւ կը կատարենք։
Սիրտի լեզուն, լաւ եւ խորապէս զգալու այն ինչ, որ կը մտածենք ու կը կատարենք։
Ձեռքերու լեզուն իրականացնելու այն ինչ, որ կը զգանք ու կը մտածենք։
Օն, քաջութեամբ, յառաջ։ Լիզպոն կը տեսնուինք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ