Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շահոյթի մշակոյթը կը խեղաթիւրէ յարաբերութիւնները. զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 1 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Consejo Empresarial de América Latina» Լատին Ամերիկիոյ գործարարներու խորհուրդի կազմակերպութեան տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները, որոնց ուղղած խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւնը յայտնեց Լատին Ամերիկայի մէջ գործարարներու միջեւ կայացած հանդիպումին համար, քննարկելու բոլորին վերաբերող ընկերային նիւթեր՝ ինչպէս աշխատանքը, գաղթականութիւնը, կլիմայի փոփոխութիւնը, եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ շեշտը դրաւ հանդիպումի մշակոյթին վրայ, նշելով, որ «հանդիպումի մշակոյթի արժէքները շօշափելի կերպով կը թարգմանուին, ձեր ընկերութիւններուն կատարած առօրեայ բազմաթիւ ջանքերուն մէջ՝ կազմաւորել եւ թարմացնել կարենալուն համար աշխատաւորները, խուսափելու համար հակամարտութիւններէն եւ չհասնելու գործազրկութեան ցաւին, իրազեկ ըլլալով որ իւրաքանչիւր աշխատաւորի ետին կայ ընտանիք մը եւ համայն ընկերութիւն մը։
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ըլլալու Յիսուսի առաջին հետեւորդներու նման՝ «ցանցի ստեղծողներ, «Անոնք, ձկնորսներու պաշտօնը կատարելու համար կարիքը ունեցան հիւսել զօրաւոր եւ արդիւնաբեր ցանցեր։ Դուք ալ դիմագրաւելու համար աշխարհի ծովն ու անոր մէջ բխած փոթորիկները, պէտք է միացած ըլլաք, ստեղծելով ցանցեր, մէկը միւսին օգնելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ գործարաններուն նկատել տուաւ որ անոնց մատուցած ծառայութիւնը վերացական չէ, այլ անմիջական է ուղղուած իւրաքանչիւր անձի եւ ժողովուրդի ու ասոր համար անհրաժեշտ է միասնաբար գործել առանց անցնելու ոեւէ անձին վերեւ եւ առանց հետին թողելու ոչ մէկը։
Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց կազմակերպութեան՝ իրենց տարեկան հանդիպումը Հռոմի մէջ գումարելուն համար, որովհետեւ «Հոս կը գտնուի սուրբ Պետրոսի դամբարանը, եւ բոլոր ժամանակներուն Տիրոջ բազմաթիւ աշակերտներուն հետքերը, որոնք իրենց առօրեայ վկայութեամբ, կարողացան փոխակերպել այն միջավայրը, ուր կ՝ապրէին աւետարանի լոյսով։ Այս օրինակները թող ձեզ ներքնապէս վերանորոգեն յառաջ երթալու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն ու անոնց հարազատներուն ու բոլոր անոնք որոնց մաս կը կազմերն գործարարներուն ընկերութիւններուն, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ