Որոնել

2019.12.19 famiglia, tramonto, genitori, figli, mare

«Սիրելի ծնողներ մի յոգնիք հաւատքը փոխանցելէ ձեր զաւակներուն». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Ծնողներու Օրուան առիթով

Այս Համաշխարհային Օրը յարգանքի տուրք է` ծնողներու նուիրուածութեան եւ անոնց զոհաբերութեան համար` ապահովելու իրենց երեխաներուն ապագան: Այս տարուայ Ծնողներուն Համաշխարհային օրուան նիւթն է «Ծնողականութեան ուժը. Դաստիարակել երջանիկ, առողջ և յոյսով երեխաներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` մէկ Յունիսին կը յիշատակուի Ծնողներու Համաշխարհային Օրը հաստատուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի կողմէ 17 սեպտեմբեր 2012ին նպատակ ունենալով` յարգել աշխարհի բոլոր ծնողները։

Ծնողներու առաջնային պարտականութիւնը միշտ եղած է երեխաներու խնամքը, անոնց պաշտպանելը և ապահովել անոնց անհատականութեան ներդաշնակ զարգացումը։ Ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ երջանկութեան, սիրոյ և փոխ ըմբռնման մթնոլորտ, որպէսզի երեխաները կարողանան աւելի լաւ զարգանալ և դիմակայել ապագան:

Այս Համաշխարհային օրը յարգանքի տուրք է` ծնողներու նուիրուածութեան եւ անոնց զոհաբերութեան համար` ապահովելու իրենց երեխաներուն ապագան: Այս տարուայ Ծնողներուն Համաշխարհային օրուան նիւթն է «Ծնողականութեան ուժը. Դաստիարակել երջանիկ, առողջ և յոյսով երեխաներ»։

Օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը հրատարակեց հետեւեալ թուիթը` [ «Սիրելի ծնողներ երբեք մի յոգնիք ձեր հաւատքին մասին պատմելու ձեր երախաներուն. Քաջութիւնը ունեցէք ըլլալու միշտ միջնորդները հաւատքին զոր ընդունեցաք ձեր ծնողներէն» #GlobalParentsDay ]

Խօսքերը քաղուած են մանուկներու եւ ծնողներու համար կաթողիկէ քրիստոնէական «"YOUCAT for Kids» հատորի Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանէն, որ հրատարակուեցաւ 2019ի մայիսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2023, 13:30