Խաղաղութեան ուղին սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ է. Քահանայապետը Թերամոյի «Meeting»-ին։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` ուրբաթ 30 Յունիսին Թերամօ նահանգի մաս կազմող Իզոլա Կրան Սասսոյի մէջ սկիզբ առաւ «Գիտելիքի նոր աշակերտներ. գիտական մեթոդը դարաշրջանի փոփոխութեան մէջ» բնաբանով համաժողովը, որ կազմակերպուած է Թերամօ Աթրի Թեմին եւ Քահանայապետական Գիտութեան կաճառի համագործակցութեամբ եւ շարունակութիւնն է 2021ին կայացած առաջին «Meeting»-ին։ Ձեռնարկին նպատակն է գիտական մեթոդաբանութեան մը որոնումը, որուն` գիտութեան մարդոց ու կիներուն կողմէ կիսումը հանդիսանայ «խաղաղութիւն կառուցելու և բնակչութեան զարգացմանը նպաստելու արտօնեալ միջոց», մասնաւորապէս ի տես Եւրոպայի սեմին հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն։
Մարդկութեան ապագայի համար յոյս
Թերամօ – Աթրի Թեմի Եպիսկոպոս Լորէնցօ Լէուցիին ուղղած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ «պտղաբեր աշխատանք» կը մաղթէ հաւաքին մասնակցողներուն ապա կը գնահատէ ընտրուած թեման` որ «մարդկութեան ապագայի հեռանկարին յոյս կը ներշնչէ»։
Առաքելութիւն ու կոչում
Գիտութեան մարդիկ ու կիներ ըլլալը կոչում մըն է ու նաեւ առաքելութիւն` «բարեգործութեան յատուկ ձեւ մը` բանականը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ մատնանշելով` իտալացի քահանայ, աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Երանելի Անթոնիօ Ռոզմինիի խօսքերուն, որ ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ հիմնական կապ մը կը տեսնէ եւ որոնք միասին մարդը կը մղեն «ճշմարտութեան աւելի մեծ ու լիակատար ճանաչումի, մինչեւ Աստուծոյ պարգեւին նկատմամբ բացուածք»։ Ասոր համար, նկատել կու տայ ֆրանչիսկոս Պապը, պէտք է` որ խթանենք մարդոց միջեւ ճանաչողութիւնը։
Հաւատքի ու բանականութեան միջեւ ներդաշնակութիւն
Ան ապա բանական բարեգործութեան մասին խօսելով կը հաստատէ, թէ այդ մէկը «պէտք է թիկունք կանգնի մօտիկութեան նորոգուած կառուցումին», այս առնչութեամբ յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս Զ-ին 1954 թուականին արտասանած խօսքերուն, ուր երջանկայիշատակ Քահանայապետը կը հաստատէր` որ «սիրոյ եւ ճանաչողութեան միջեւ ներդաշնակութիւնը, հաւատքի ու բանականութեան միջեւ ներդաշնակութիւնը միայն, կարող են պատասխանել մարդ արարածի պահանջներուն»։
Խաղաղութեան ճանապարհը
Ֆրանչիսկոս Պապը առ այդ իրը ընելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին խօսքերը կը խրախուսէ ժողովականները շարունակելու, անյապաղ, որոնումը» ճշմարտութեան հանդէպ միշտ յոյս ունենալով, որովհետեւ, կը շեշտէ Ան, «խաղաղութեան ճանապարհը կը գտնուի ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ