Որոնել

2018 թուականի Քահանայապետին այցը «Messaggero» օրաթերթին 2018 թուականի Քահանայապետին այցը «Messaggero» օրաթերթին  

Ֆրանչիսկոս Պապը «Il Messaggero» օրաթերթին. Յաւիտենական քաղաքէն թող ծագի քրիստոնէական պատգամը

Սրբազան Քահանայապետը առաջնային խնդիր նկատած է ճշմարտութեան բարոյագիտական չափումի առաջ մղումը՝ տարբերելով այն կեղծ լուրերէն (fake news). Թերթի յոբելենական տարեդարձի համատեքստի մէջ Պապը յատուկէն անդրադարձած է նաեւ Յոբելենական Սուրբ տարուան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Իտալական «Il Messaggero» օրաթերթը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 145րդ տարեդարձը, որուն առիթով թերթին տնօրէնութիւնը կազմակերպած է բազմաթիւ ձեռնարկներ։ Օրաթերթը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մեծապէս գնահատուած թերթ մըն է, որ ինք, իր իսկ վկայութեամբ, կ՛ընթերցէ գրեթէ ամէն օր եւ այս տարեդարձին առիթով չէր կարող պակսէր Անոր գիրը` ուղղուած թերթի անձնակազմին։

«Il Messaggero»-ն լրագրութեան և տեղեկատւութեան ուժեղ կէտ

Նորին Սրբութիւնը գրութեան մէջ կը մատնանշէ, որ այս ազգային թերթը, որ անցաւ «Իտալիոյ պատմութեան ընդմէջէն տասնըիններորդ դարի աւարտէն մինչեւ օրս, պատմելով նորութիւնները, Երկիրին տարբեր դիմագիծերը ու խորհրդածելով անոր կողմէ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին, այսօր եւս կը ներկայացնէ լրագրութեան և տեղեկատւութեան ուժեղ կէտ մը»:

2025ի Յոբելենական Սուրբ տարին

Ֆրանչիսկոս Պապը թերթի յոբելենական տարեդարձի համատեքստի մէջ յատուկէն կ’անդրադառնայ Յոբելենական Սուրբ տարուան, որ նախատեսուած է 2025 թուականին. «Իրադարձութիւն մը, որ մօտիկէն կ’առնչուի Հռոմ քաղաքին հետ, սակայն կը հետաքրքրէ Եւրոպային և ողջ աշխարհին: Յաւերժական քաղաքը անգամ մը եւս կը դառնայ ձգողականութեան բեւեռը»՝ հոն այցելող ուխտաւորներու մէջ քրիստոնէական ուղերձը կրկին առաջարկելու և յոյս արթնացնելու համար, կ’ընդգծէ Նորին Սրբութիւնը:

Ոչ թէ կրօնական ինքնանպատակ սովորոյթ, այլ միջանձնային բոլոր յարաբերութիւնները ներառող գործընթաց

Ուշադրութիւնը հրաւիրելով Սուրբ Յոբելեանի կարեւորութեան վրայ, այն է՝ վերիմաստաւորել սեփական գոյութիւնը և ներողութիւն խնդրել թերութիւններուն համար, Սրբազան Պապը կը շեշտէ, թէ այն այնուամենայնիւ կրօնական ինքնանպատակ սովորոյթ մը չէ, այլ գործընթաց, որ սկսած անհատէն կը ներառէ միջանձնային բոլոր յարաբերութիւնները՝ հասարակութեան արդար և եղբայրական տեսլականը խթանելու եւ աւելի աջակցող և առաջին հերթին աւելի մարդկային աշխարհ կառուցելու մտադրութեամբ։

Բարոյագիտական, բարոյական, հասարակական եւ մշակութային վերածնունդ

Ֆրանչիսկոս կ’ընդգծէ ապա, որ. «Յոբելեանը կ’ենթադրէ նաեւ բարոյագիտական, բարոյական, հասարակական եւ մշակութային վերածնունդ, որը կարող է բուժել անարդարութեան և բռնութեան տարբեր ձեւերու պատճառած վէրքերը, յաղթահարել տնտեսական անհաւասարութիւնները եւ խտրականութիւնը, նախաձեռնել մարդկային համապարփակ աճի գործընթացներ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով առաւել փխրուն և խոցելի անձերուն»:

«Հետևաբար, տարի մըն է, որուն ընթացքին պէտք է «ազատագրութեան» աստուածաշնչական նիւթին մարմին եւ ձև հաղորդուի իր բոլոր մարդաբանական և համայնքային դիտարկումներով, այսինքն ձեռնարկել գործողութիւններ, որոնք ընդունակ ըլլան ազատել մարդիկը, քաղաքները, ազգերը և ժողովուրդները ստրկութեան եւ քայքայման բոլոր ձեւերէն», կ’եզրակացնէ Սրբազան Քահանայապետը գրութեան աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2023, 11:45