Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սինոդականութիւնը աճիլ է, որպէս եկեղեցւոյ կենդանի եւ գործօն անդամ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակ մը յղած է Լատինա, Սորա եւ Ֆրոզինոնէ թեմերուն եպիսկոպոսներուն, Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի եռամեայ տօնակատարութիւններու առթիւ. սրբադասման 700 ամեակը, մահուան 750 ամեակը եւ Ծննդեան 800 ամեակը։
Սուրբ Թովմաս Աքունիացին Եկեղեցւոյ թանկարժէք աղբիւր
Ֆրանչիսկոս Պապ իր 19 յունիս թուակիր նամակին մէջ նշած է, թէ Սուրբ Թովմասը՝ բարի Տոմենիքացին վեհանձնաբար իր կեանքը նուիրեց աւետարանումին, աղօթքի ուսումի եւ մշակութային եւ աստուածաբանական տպաւորիչ գործերու արտադրութիւններով։
Կազմել սինոդականութիւն եւ բացուիլ Ճշմարտութեան
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է եպիսկոպոսները հիմնուիլ Սուրբ Թովմասի իմաստութեան եւ վկայութեան վրայ, կեդրոնանալ Անոր ուսումնասիրական աշխատանքներու վրայ, մշակութային եւ պատմական միջավայրերէն ներս, եւ միեւնոյն ժամանակ գանձ ընել՝ պատասխանելու համար ժամանակից մշակութային մարտահրաւէրներուն։
Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներուն կը վստահի երկու պարտականութիւններ
Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ եպիսկոպոսները կառուցելիւ սինոդական հասարակութիւն եւ բացուիլ համայն ճշմարտութեան, նկատել տալով որ Իսկական սինոդականութիւնը Քրիստոսի հետ միասին աճիլ է, որպէս կենդանի եւ գործօն անդամ եկեղեցւոյ մարմնի։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ստացող եպիսկոպոսները յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցին թէ երեքշաբաթի 11 յուլիսին, Լաթինայի մէջ կազմակերպուած է հաւատացեալներու միջեւ հանդիպում խորհրդածութիւնը։
Ուրբաթ 14 յուլիսին, Ֆոսսանովայ վանքին մէջ նախատեսուած է աղօթքի յատուկ պահ։ Իսկ երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ֆոսսանովա վանքին մէջ պիտի ոգեկոչուի Սուրբ Թովաս Աքուինացիի սրբադասման տարեդարձը, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ զոր պիտի նախագահէ Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ