Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական հանդիպումներն ու ճառը Մխիթարիչի ծառաները» անուամբ միաբանութեան անդամներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 24 Յունիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ Գերապայծառ Ռոպեր Ֆրանսիս Փրեվոսթը, ապա Ուաշինկթընի երբեմնի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոնալտ Վէրլը, հուսկ Քանատայի նորանշանակ դեսպան` Տիար Փոլ Ճիպպար` հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան առիթով, որմէ ետքը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի Խորհուրդի Նախագահական կազմի անդամներուն հուսկ ընդունեց Հռոմի մէջ Աֆղանիստանի դեսպան Տիար Խալէտ Ահմատ Զէքրիա որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ առաքելական Նուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարիին հետ։
Այս առանձնական հանդիպումներէն ետքը Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց «Մխիթարիչի ծառաները» անուամբ միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակցողներուն եւ «Biagio Agnes» մրցանակի մէկ պատուիրակութեան։
«Մխիթարիչի ծառաներ» միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակցողներուն յղած խօսքերուն մէջ Քահանայապետը անդրադարձաւ միաբանութեան առաքելութեան, որ է «գտնել ողորմութեան եւ մօտիկութեան նոր ուղիներ» իրականացնելու համար իրենց շնորհապարգեւը եւ այս մէկը, ըսաւ Սրբազան Պապը, «ձեզ կը դնէ դժուարութեան մէջ ապրող քահանաներու կողքին», որպէսզի «ամէն տեսակ ու շրջահայեաց ծառայութիւն մատուցէք անոնց` որոնք քահանայական խորհուրդը ընդունեցան»։
Կիսել Եկեղեցւոյ ապրած բիւրեղացումի ուղին
«Այս կը նշանակէ նաեւ կիսել Եկեղեցւոյ ապրած բիւրեղացման ուղին ի տես ոտնձգութիւններու ողբերգութեան» նշեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Մխիթարիչին ծառաները ըլլալը ձեզմէ կը պահանջէ ձեր կեանքը նուիրել ձեր քահանայ եղբայրներուն, անոնց նուիրելով դարձի ու հոգեկան նորոգումի ուղիներ»։
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը ակնարկեց միաբանութեան գործունէութեան ու մատուցած ծառայութեան մասին մաղթելով, որ անոնք կարողանան ըլլալ «Յիսուս Քրիստոսի ողորմած պատկերը, որ մեզի կը յայտնէ աստուածային սիրոյ խորհուրդը իր լիութեամբ»։
Իւրաքանչիւր անձին նայիլ Յիսուսի աչքերով
«Թող, որ Հոգին ձեզի օգնէ իւրաքանչիւր անձի նայելու Յիսուսին աչքերով, անոր սիրով, անոր քնքշութեամբ» յարեց Քահանայապետը մաղթելով նաեւ «բարի երթ` որպէս ողորմութեան Աւետարանի վկաներ» ու անոնց վրայ հայցելով Սուրբ Կողս Մարիամի հովանին։
Նորին Սրբութիւնը օրհնելէ ետք բոլոր ներկաները անոնցմէ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ