Որոնել

2023.06.23 Artisti partecipanti all'incontro promosso in occasione del 50° anniversario della inaugurazione della Collezione d'Arte Moderna dei Musei

Քահանայապետը արուեստագէտներուն. «Աշխարհը կարիքը ունի ներդաշնակութեան...մի մոռնաք աղքատները»

«Արուեստն ու հաւատքը չեն կարող իրականութիւնը լքել այնպէս ինչպէս որ է, զայն կը փոխեն, կը փոխակերպեն։ Արուեստը անդորրութիւն կը պարգեւէ, խիղճերը արդուն կը պահէ...արուեստը մշտապէս զօդուած է գեղեցկութեան փորձառութեան...անիկա կը դպչի զգայարանքներուն ոգեւորելու համար հոգին ու այդ մէկը կ՛ընէ գեղեցկութեան միջոցաւ .... եւ գեղեցկութիւնը մեզի զգալ կու տայ թէ կեանքը մղուած է լիութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի թանգարաններու նորաձեւ եւ ժամանակակից արուեստի հաւաքածուի բացման 50-ամեակի առիթով, ուրբաթ 23 Յունիսին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 200է աւելի ժամանակակից ամենայայտնի արուեստագիտութեան աշխարհի անդամներուն հետ, որոնց շարքին՝ նկարիչներ, քանդակագործներ, ճարտարապետներ, գրողներ, բանաստեղծներ, երաժիշտներ, ռեժիսորներ և դերասաններ։

Եկեղեցւոյ կապը արուեստագէտնետուն հետ բնական ու յատուկ

Այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Քահանայապետը հաստատեց թէ Եկեղեցին մշտապէս կապ հաստատած է արուեստագէտներուն հետ, կապ` որ «կարելի է որակել բնական ու յատուկ» ըսաւ Ան ընդգծելով, թէ անիկա «բնական բարեկամութիւն է, որովհետեւ արուեստագէտը լրջօրէն կը վերաբերուի գոյութեան, կեանքի և աշխարհի անսպառ խորութեան հետ, նոյնիսկ իր հակասութիւններով և ողբերգական կողմերով»:

«Արուեստագէտը, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, բոլորին կը յիշեցնէ թէ չափանիշը որուն մէջ կը շարժին, նոյնիսկ երբ անգիտակից են, Հոգիի չափանիշն է» եւ դարձեալ պնդեց, որ արուեստի բարեկամութիւնը Եկեղեցւոյ հետ բնական է ու նաեւ իւրայատուկ, յատկապէս երբ մտաբերենք պատմութեան հոլովոյթին միասին կտրած ճանապարհը։

Արուեստագէտը նման մանուկի

Սրբազան Պապը հուսկ արուեստագէտը նմանեցուց մանուկի մը` որ կը շարժի ստեղծագործութեան, նորութեան, հնարամտութեան տարածքին մէջ, աշխարհին մէջ ներմուծելու համար բան մը որ այդ պահէն առաջ երբեք չէր տեսնուած։ Եւ այդպէս ընելով ան կը հերքէ գաղափարը թէ մարդս եղած է մահուան համար, որովհետեւ «մարդը մահուան համար արարած մը չէ` այլ կեանքի» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ։

Ան ակնարկեց ապա արուեստագէտի ստեղծագործութեան, որով մասնակից կը դառնայ Աստուծոյ կեանք պարգեւող կիրքին։ Դուք, ըսաւ Քահանայապետը, դաշնակից էք Աստուծոյ երազին։ Աչքեր էք` որոնք կը նային եւ կ՛երազեն։ Չի բաւեր միայն նայիլ այլ պէտք նաեւ երազել» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ «մենք՝ մարդ արարածներս, տենչն ունինք նոր աշխարհի մը, որ ամբողջութեամբ չենք տեսներ մեր աչքերով, բայց կը ցանկանանք զայն, կը փնտռենք եւ կ՛ երազենք անոր մասին»:

Երազել աշխարհի նոր ձեւեր

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը արուեստագէտներուն մէջ տեսաւ անձինք, որոնք կարողութիւնն ունին երազելու աշխարհի նոր ձեւեր, նորութիւններ ներմուծելու պատմութեան մէջ։ Մարգարէներ` որոնք հեռուն կը նային։ «Ձեր արուեստը կ՛ուզէ ըլլալ հասարակութեան քննադատական խիղճը։ Նման աստուածաշունչի մարգարէներուն, մեզ կը դնէք այն բաներուն առջեւ, որոնք յաճախ մեզի անհանգիստ կը դարձնեն, քննադատելով այսօրեայ կեղծ առասպելները, նոր կուռքերը, տարօրինակ ելոյթները, սպառման ծուղակները, իշխանութեան խորամանկութիւնները» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ անոնք այս մէկը յաճախ կ՛ընեն հեգնանքով, որ «սքանչելի առաքինութիւն մըն է»։

Արուեստն ու հաւատքը 

«Արուեստն ու հաւատքը չեն կարող իրականութիւնը լքել այնպէս ինչպէս որ է, զայն կը փոխեն, կը փոխակերպեն։ Արուեստը անդորրութիւն կը պարգեւէ, խիղճերը արդուն կը պահէ...արուեստը մշտապէս զօդուած է գեղեցկութեան փորձառութեան...անիկա կը դպչի զգայարանքներուն ոգեւորելու համար հոգին ու այդ մէկը կ՜ընէ գեղեցկութեան միջոցաւ .... եւ գեղեցկութիւնը մեզի զգալ կու տայ թէ կեանքը մղուած է լիութեան» եղան Նորին Սրբութեան ներկայացուցած գաղափարներէն ոմանք, որոնց հիման վրայ հաստատեց, թէ «իսկական գեղեցկութեան մէջ կը սկսինք փորձարկել Աստուծոյ կարօտը»։

Ներդաշնակութիւնը

Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ «ներդաշնակութեան վրայ հաստատելով, որ իսկական գեղեցկութիւնը ներդաշնակութեան ցոլացումն է։ Ներդաշնակութիւնը գեղեցկութեան գործնական առաքինութիւնն է, անոր հիմքի ոգին, որուն մէջ կը գործէ Աստուծոյ Հոգին` աշխարհի մեծ ներդաշնակը։

«Ներդաշնակութիւնը տեղի կ՛ունենայ երբ իրարմէ տարբեր մասեր, միասնութիւն կը կազմեն: Դժուար բան է, որ միայն Հոգին կարող է հնարաւոր դարձնել» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ ներդաշնակութիւնը հրաշքներ կը գործէ` այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Պենտեկոստէի օրը։

Տեղ բանալ Սուրբ Հոգիին

Մենք կ՜ապրինք գաղափարական գաղութացման և յօշոտող հակամարտութիւններու ժամանակաշրջան... եւ այս մէկը կարող է ազդել նոյնիսկ Եկեղեցւոյ վրայ: Հակամարտութիւնը կարող է գործել միասնութեան կեղծ պատրուակով.... Մենք պէտք ունինք որ ներդաշնակութեան սկզբունքը աւելիով բնակի մեր աշխարհին մէջ։ Դուք՝ արուեստագէտներ, կարող էք օգնել մեզի տեղ բանալու Սուրբ Հոգիին։

«Երբ մենք տեսնենք Սուրբ Հոգիին աշխատանքը, այն է՝ ստեղծել տարբերութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն այն ժամանակ կը հասկանանք, թէ ինչ է գեղեցկութիւնը: Գեղեցկութիւնը Հոգիի այն աշխատանքն է, որ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ: Թող ձեր հանճարը գալէ այս ճանապարհով» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ճառը չ՛աւարտած ներկաներէն խնդրեց` որ աղքատները չի մոռնան, «անոնք Քրիստոսին նախընտրեալներ են...յաճախ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու կարողութիւն չունին։ Դուք կարող էք թարգման հանդիսանալ անոնց լռելեան աղաղակին» ըսաւ Քահանայապետը որ ճառը աւարտեց գնահատելով արուեստագէտներուն աշխատանքը ապա խնդրելով, որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2023, 09:52