Քահանայապետին խօսքերը եղբայրութեան մասին. Երբեք չի յոգնինք աղաղակելէ «ոչ պատերազմին»։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Մարդկային եղբայրութեան նուիրուած համաշխարհային հաւաքին առիթով պակաս չեղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայութիւնը, հակառակ որ Ան կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց։ Անոր այս առթիւ պատրաստած ճառը կարդացուեցաւ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի կողմէ` «Fratelli tutti» հիմնարկի նախագահը եւ Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետի տեղակալը։
Բարի եկած էք
«Նոյնիսկ եթէ ձեզ չեմ կրնար անձնապէս հիւրընկալել բոլորիդ կ՛ուզեմ յղել բարի գալուստի խօսքս եւ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ներկայութեան համար» գրած է Քահանայապետը “Not Alone” ձեռնարկի մասնակցողներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, ուր Ան անգամ մը եւս կ՛ըննգծէ հարկաւորութիւնը միւսին մէջ տեսնելու եղբայր կամ քոյր մը։
Եղբայրութիւնը յարաբերութիւններու կեդրոն
«Բռնութենէ և պատերազմէ բզկտուած մեր աշխարհի մէջ, բաւարար չեն շտկումներ եւ ճշգրտումներ. միայն հոգևոր և սոցիալական մեծ դաշինքը, որ կը բխի սրտերէն և կը պտտի եղբայրութեան շուրջ, կարող է մարդկային արժանապատուութեան սրբութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերադարձնել յարաբերութիւններու կենտրոն» գրած է միշտ Քահանայապետը պատգամին մէջ հաստատելով, որ «Եղբայրութիւնը իրական կը դառնայ գործնական արարքներու շնորհիւ, որոնք կ՛օգնեն կառուցելու «խաղաղութեան մշակոյթ մը» ու բոլորս կարող ենք սատարել այդ մէկուն:
Ոչ պատերազմին
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ հարց տալ. «ո՞րն է եղբայրութեան շօշափելի արարքը զոր կարող եմ կատարել» ապա կը խրախուսէ երբեք չի յոգնիլ աղաղակելու «ոչ պատերազմին», յանուն Աստուծոյ, կամ յանուն իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ որ խաղաղութեան կը ձգտի։
«Միւսը եղբայր կոչելը կը նշանակէ ազատիլ այն գաղափարէն մենք մեզ զգալու միածին զաւակներ, որպէսզի երթանք արեան ու ցեղային կաշկանդումներէն անդին, որոնք կը ճանչնան միայն նմանները եւ կը մերժեն տարբերը» գրած է Սրբազան Պապը։
Ընտրել եղբայրութիւնը
Այս առընչութեամբ Ան որպէս օրինակ կը ներկայացնէ Աւետարանական բարի սամարացիին առակը հաստատելով, որ երբ մարդիկը եւ ընկերութիւնը կ՛ընտրեն եղբայրութիւնը քաղաքականութիւնը եւս կը փոխուի եւ մարդը կը սկսի գերակշռել շահին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կ՛ակնարկէ «Մարդկային Եղբայրութեան մասին յայտարարութեան» զոր առաւօտեան պատրաստեցին 30 Նոպէլեան մրցանակակիրները մաղթելով, որ ան ըլլայ ուղեցոյց, ապրուի եւ վկայուի ամէն օր։
Առաջին քայլ
«Այնպէս ընենք, որ մեր այսօրուայ ապրածը ըլլայ ուղեւորութեան մը առաջին քայլը և սկիզբ դնէ եղբայրութեան գործընթացին» գրած է միշտ Քահանայապետը, որ ապա խրախուսած է . «յառաջ ընթացէք»
Քահանայապետը ճառը կ՛աւարտի մաղթանքով, որ հրապարակի վրայ տրուած ողջագուրումը դառնայ «կեանքի յանձնառում» եւ «յոյսի մարգարէութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ