Որոնել

79 migrants dead after a fishing boat capsized

Աղօթենք նաւաբեկութեան զոհերուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապին կսկիծը

Յայտնենք` որ երէկ առաւօտեան մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը դուրս կու գար Ճեմելլի հիւանդանոցէն, ուր մի քանի օրեր առաջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան, լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ խօսակցութեան մը ընթացքին հարցումին թէ ո՞րն է իր մտածումը վերոնշեալ նաւաբեկութեան մասին Քահանայապետը պատասխանած էր. «մեծ ցաւ, մեծ ցաւ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միասին աղօթենք` Միջերկրականի մէջ երէկ պատահած նաւաբեկութեան բազմաթիւ զոհերուն համար։ Թող` որ Տէրը մեզի պարգեւէ արցունքներուն շնորհքը։ Գաղթականներուն դէմքերը, աչքերը, որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ, մեզմէ կը պահանջեն մեր հայեացքը միւս կողմ չի դարձնել»։ Ուրբաթ 16 Յունիսի երեկոյեան Քահանայապետական Թուիթրըեան կայքին վրայ հրատարակած այս խօսքերով, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց անգամ մը եւս յիշել, մօտիկութիւն ու ցաւ արտայայտել, երկու օրեր առաջ Յունաստանի ծովափին գաղթականները փոխադրող նաւուն խորտակման ու ծովամոյն բազմաթիւ գաղթականներու համար։

Նաւը որ մեկնած էր Լիպիոյ ծովափէն ըստ նախնական հետազօտութիւններու կը փոխադրէր 600 մինչեւ 700 անձ, որոնց շարքին առնուազն 100 մանուկներ:

Աւելի լաւ կեանք փնտռող կամ պատերազմէն փախուստ տուող գաղթականներու մեծամասնութիւնը, Փաքիստանէն, Եգիպտոսէն ու Սուրիայէն էր։ Եւ ըստ նախնական տուեալներուն կարելի է որ զոհերու թիւը գերազանցէ 500ը։

նաւաբեկութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 14 Յունիսի առաւօտեան։ Որոնման ջանքերը առ այժմ ոչ մէկ արդիւնք տուին ու մինչեւ այժմ հաստատուած մահերու թիւը հասած է 78ի մինչ վերապրողներուն թիւը` 104 է։

«Ասիկա միջերկրական ծովուն մէջ պատահած վերջին տարիներու ամենածանր աղէտն է» ըսաւ այս առիթոը Եւրոպական Ներքին Գործերու Յանձնակատար Ժոհանսոնը։

Յունական իշխանութիւնները ձերբակալած են 9 մարդ, որոնց շարքին մի քանի եգիպտացիներ, մարդավաճառութեան մեղադրանքով։

Յայտնենք, որ երէկ առաւօտեան մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը դուրս կու գար Ճեմելլի հիւանդանոցէն, ուր մի քանի օրեր առաջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան, լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ խօսակցութեան մը ընթացքին հարցումին թէ ո՞րն է իր մտածումը վերոնշեալ նաւաբեկութեան մասին) Քահանայապետը պատասխանած էր. «մեծ ցաւ, մեծ ցաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 08:00