Որոնել

2023.06.22 Partecipanti all'Assemblea della Riunione delle Opere per l'aiuto alle Chiese Orientali (ROACO)

Զօրակցութեան մէջ առատաձեռնութիւնը՝ առարկայական միակ պատասխան անարդարութեանն ու ցաւին․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ROACOի Լիագումար նիստի եւ «Church Sharing the Journey with the Young: Youth Actors for the Common Good) նիւթով ժողովի մասնակիցներուն հետ ընդունելութեան ժամանակ անդրադարձած է օժանդակութեան ծրագիրներուն ուղղուած` Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Էրիթրեայի, խրախուսած է չի պակսեցնել մօտիկութիւնը ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդին, կարեւորած է երիտասարդներուն ներգրաւելու նախաձեռնութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 22 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու (ROACO) Լիագումար 96րդ նիստի եւ «Եկեղեցի, որ կը կիսէ երիտասարդներուն հետ ուղեւորութիւնը. երիտասարդ դերակատարներ յանուն հասարակական բարիքի (Church Sharing the Journey with the Young: Youth Actors for the Common Good) նիւթով ժողովի աւելի քան 120 մասնակիցները։

Այդ երկու փոխկապակցուած հանդիպումները կազմակերպուած են Հռոմի մէջ, առաջինը՝ 19-22 Յունիսին, իսկ երկրորդը՝ 16–23 Յունիսին, որուն մէջ ներգրաւուած են Արեւելեան եւ Լատին եկեղեցիներու 30 երիտասարդներ` 13 երկիրներէն։

Երախտագիտութիւն օգնութեան ծրագիրներու համար

«Նոր աւարտուած Լիագումար նիստին ընթացքին, Սուրբ Երկիրի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ աւանդական ուշադրութեան կողքին, դուք կեդրոնացաք Իրանի, Թուրքիայի և Էրիթրեայի օգնութեան ծրագիրներու վրայ: Թող` որ Աստուծոյ կողմէ այդ գեղատեսիլ վայրերուն տրուած մարդկային ու բնական հսկայական գանձերը, արժեւորուին եւ որոշակի հանգստութիւն բերեն անոնց բնակիչներուն»: Այս միտքը Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց ունկնդրութեան մասնակիցներուն հանձնած գրավոր պատգամին մէջ։

Ան յատուկէն երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսուչ եւ ROACOի Նախագահ, Արքեպիսկոպոս Քլուատիօ Կուճերոթթիին եւ Վերատեսչութեան անդամներուն, Քահանայապետական​​Ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անձերուն, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն անոնց առատաձեռնութիւնը․ «Զօրակցութեան մէջ առատաձեռնութիւնը յաճախ միակ առարկայական պատասխանն է անարդարութեան ու ցաւին», յարեց Սրբազան Հայրը:

Հետեւիլ Աստուծոյ ծրագիրին

«Սարսափելի է այսօր Աստուծոյ ծրագրի հետ հակադրութիւնը, որ ծրագիր է խաղաղութեան, եղբայրութեան և համաձայնութեան բոլորի համար: Ծրագիր է, որ կը հրաւիրէ մեզի դադրեցնել պայքարը մէկը միւսին դէմ եւ միաւորել ուժերը սովի և հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ, օրինակ բերելով Աստուածաշնչական պատմութիւնը Կայէնի և Աբէլի վերաբերեալ՝ եղբօր բռնութիւնը եղբօր նկատմամբ, նշեց, որ Աստուած, դուրս վռնտեց Կայէնին, այնուամենայնիւ չի թողուց, որ սպաննուի (Ծննդոց 4.1-16): «Դա արդարութեան եւ ողորմութեան առաջին գործողութիւնն է, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

Երիտասարդները պէտք է ըլլան հասարակական գործողութիւններու «կողմնացոյցը»

Նորին Սրբութիւնը խելամիտ նկատեց, որ ROACOն Արեւելեան Եկեղեցիներու երիտասարդներուն ակնկալիքները դարձուցած է իր այս հանդիպման առանցքը, որ առիթ է «ուղղակիօրէն անոնց բերնէն լսելու այն ցանկութիւնները, որ կը կրեն սիրտին մէջը»։

Երիտասարդները պէտք է ըլլան հասարակական գործողութիւններու «կողմնացոյցը», շեշտեց ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ անմիջապէս դիմելով դահլիճի մէջ ներկայ երիտասարդներուն՝ յորդորեց ըլլալ «խաղաղութեան պահապաններ բոլորի համար, մարգարէներ, որոնք կ’երազեն եւ կը հռչակեն զանազան, սակայն չզատուած աշխարհը»:

Չպակսեցնել մօտիկութիւնը, աղօթքի և գթութեան մօտիկութիւնը, ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդին»

Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ նաեւ ROACOի վերջին յանձնառութեան՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու, Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքով ներքին տեղահանուածներուն եւ փախստականներուն աջակցելու ուղղութեամբ։ «Քանի մը տարի առաջ ցանկացայ ձեր ջանքերուն միացնել «Պապը յանուն Ուքրանիոյ» նախաձեռնութիւնը եւ մշտապէս իրականացուող այլ միջամտութիւնները։ Բայց կ’ուզեմ օգտուիլ այս առիթէն և բոլորին կոչ ընել չի պակսեցնել մօտիկութիւնը, աղօթքի և գթութեան մօտիկութիւնը, ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդին», յարեց ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը եւ աւարտեց ճառը իր օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 12:14