Որոնել

2023.06.01 Membri della Fondation Internationale Religions et Societes

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Ափրիկեան Կրթական Դաշինք»ի անդամները

«Ափրիկէն ունի այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է ապագայի ճանապարհները ուրուագծելու ունակ մայրցամաք ըլլալու համար»․ Սրբազան Քահանայապետ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ մէկ Յունիսին ընդունեց «Ափրիկեան Կրթական Դաշինք» պատուիրակութեան անդամները։

«Ես գիտեմ, որ այս Դաշինքը պտուղն է Միջազգային գիտաժողովի, որ դուք նշեցիք անցեալ նոյեմբերին Քինշասայի մէջ՝ Քոնկոյի Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասի հովանիի ներքոյ եւ կազմակերպուած Կրօններու և հասարակութեան միջազգային հիմնադրամի եւ Քոնկոյի Կաթողիկէ համալսարանի կողմէ» անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը նշեց Սրբազան Պապը։

«Համապարփակ Կրթական Դաշինք»ը հիմնել տեղական իրականութեան վրայ

«Դուք Գիտաժողովին ափրիկեան ոճով ներկայացուցիք Համապարփակ Կրթական Դաշինքը, որ նախաձեռնած էի 2019ի սեպտեմբերին: Կը շնորհաւորեմ ձեզի, քանի որ առաջինը եղաք, որ իրականացուցիք Տարածաշրջանային կրթական դաշինքը», ըսաւ Ան մատնանշելով, որ անիկայ կը համապատասխանէ Իր այդ նախաձեռնութեան միջոցաւ կատարուելիք ցանկութեան, այսինքն «Համապարփակ Կրթական Դաշինք»ը դարձնել գործիք հիմնելով տեղական իրականութեան վրայ եւ ուշադիր ըլլալ անոր կրթական կարիքներուն։

«Ափրիկէն ունի այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է ապագայի ճանապարհները ուրուագծելու ունակ մայրցամաք ըլլալու համար», ընդգծեց ապա Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ իր խօսքը չի վերաբերիր միայն Ափրիկէի հանքային մեծ աղբիւրներուն, տնտեսական առաջընթացին եւ խաղաղութեան գործընթացներուն, այլեւ ամենէն առաջ` կը հայի մտածել կրթական միջոցներու մասին։

Կրթութիւնը ամենէ հզօր գործիքն է որ կրնայ աշխարհը փոխել

Այդ իմաստով Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց ապաւինիլ ափրիկեցի բազմաթիւ փիլիսոփաներու և մանկավարժներու խորհրդածութիւններուն: «Նոյն կերպ կրնաք ընդօրինակել մանկավարժ միսիոներներու եւ պետական ​​գործիչներուն», յարեց Սրբազան Պապը եւ օրինակ բերաւ, Նելսոն Մանտելան եւ Աստուծոյ Ծառայ Յուլիուս Նյերերէն։

Առաջինը, որ կը պնդէր, որ կրթութիւնը ամենէ հզօր գործիքն է, որ կրնայ աշխարհը փոխել, «apartheid»ով ճնշուած իր երկրի մէջ հաշտեցուց եւ միաւորեց տարբեր ցեղերուն կրթութեան միջոցով: Երկրորդը՝ կաթողիկէ հաւատքի աջակցութեամբ կրթական քաղաքականութիւնը օգտագործեց իր բոլոր հայրենակիցներու աճին համար՝ անկախ անոնց տնտեսական կամ հասարակական պայմաններէն։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը աւարտեց հռոմէացի փիլիսոփայ եւ կառավարիչ Փլինիոս Աւագի խօսքերով «Ex Africa semper aliquid novi», «Ափրիկայէն միշտ ինչ-որ նոր բան կը յառաջանայ» ընդգծելով, որ այս Դաշինքը նորութիւն է, որ կը բխի մշակոյթէն եւ հաւատքէն եւ յոյս յայտնեց, որ միւս ցամաքամասերը եւս կը հետեւին Ափրիկէին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2023, 11:33