Որոնել

Հնդկաստանի մէջ գնացքի արկած Հնդկաստանի մէջ գնացքի արկած  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Հնդկաստանի մէջ գնացքի արկածի առիթով

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը ուղուած Հնդկաստանի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Լեբփոլտօ Ճիրելիին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 3 յունիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Հնդկաստանի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Լեոբփոլտօ Ճիրելիին։

Նամակին մէջ ծիրանաւորը գրեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրեցաւ իմանալով Հնդկաստանի Օտիշա մարզէն ներս պատահած գնացքի արկածի լուրը՝ որուն պատճառով արձանագրուեցաւ աւելի քան 300 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ։

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ արկածէն տուժած բոլոր անձերուն, յանձնելով մեռեալներուն հոգիները Ամենակալին ողորմածութեան ու իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կը ողբան իրենց մեռեալներու համար, ապահովելով Իր աղօթքը վիրաւորներուն եւ շտապ օգնութեան հասնող փրկարարներուն, հայցելով բոլորին վրայ Աստուծոյ քաջութեան եւ մխիթարութեան պարգեւները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2023, 12:49