Հաստատուած են Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումները բացի 21 Յունիսի հրապարակային ունկնդրութենէն
Հաստատուած է նաեւ Կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքը
Վատիկան Նիուզ
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «telegram» ընկերային ցանցին վրայ հրատարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ «հաստատուած է կիրակի օրուայ Քահանայապետին Մարեմեան Աղօթքը ու անոր յաջորդ օրերուն ունկնդրութիւնները, ի բացառեալ 21 Յունիսի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ անեղեալ է պահպանելու համար Քահանայապետի յետվիրաբուժական վերականգնողական ընթացքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/06/2023, 10:31