Որոնել

Pope Francis' Angelus

Քահանայապետին աղօթքն ու մօտիկութիւնը հնդկաստանի մէջ շոգեկառքի արկածի զոհերուն

«Հաւատարմութեան Կոյսը. որ ձեր պահապան սրբուհին է, պահպանէ ձեզ ու ձեր ընտանիքները։ Անոր` հոգատար Մայր, կը յանձնեմ պատերազմի պատուհասէն տուժած ժողովուրդները ու մասնաւորապէս սիրելի եւ մարտիրոս Ուքրանիան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 Յունիս 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ողջունելով ս. Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները նախ յիշեց երկու օրեր առաջ Հնդկաստանի մէջ պատահած շոգեկառքի ահաւոր արկածը ու այդ արկածին զոհերը, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով վիրաւորներուն ու զոհերու հարազատներուն եւ Աստուծմէ հայցելով` որ իր Թագաւորութեան մէջ ընկալէ ննջեցեալները։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, ինչպէս նաեւ Իտալական «Քարապինիերի» զօրախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ժողովուրդին ցուցաբերած առօրեայ մօտիկութեան համար։

«Հաւատարմութեան Կոյսը, որ ձեր պահապան սրբուհին է, պահպանէ ձեզ ու ձեր ընտանիքները։ Անոր` հոգատար Մայր, կը յանձնեմ պատերազմի պատուհասէն տուժած ժողովուրդները ու մասնաւորապէս սիրելի եւ մարտիրոս Ուքրանիան» ըսաւ Սրբազան Պապը, հուսկ բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով ինչպէս միշտ, որ «չմոռնան աղօթելու իրեն համար»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2023, 12:45