Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթենք խոշտանգումի վերացման համար

Յունիս ամսուայ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը խնդրէ աղօթել խոշտանգումի վերացման համար նկատել տալով, որ խոշտանգումը անցեալի պատմութիւն մը չէ՝ այլ ներկայ ժամանակուան իրականութիւն է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յունիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ըսաւ.

«Խոշտանգում։ Ով իմ Աստուածս, Խոշտանգումը։

Խոշտանգումը երէկուայ պատմութիւն մը չէ, ան մասն կը կազմէ մեր ներկայ պատմութեան։

Ինչպէս կարելի է որ մարդուն վայրագութիւնը այսպէս մեծ է։

Գոյութիւն ունին խոշտանգումի աւելի սաստիկ ձեւեր, աւելի բարդ ձեւեր. Ինչպէս նուաստացուցիչ վերաբերմունքը, զգայարանքներէն զրկելը, կամ անմարդկային պայմաններու մէջ զանգուածային կալանաւորումները, որոնք կը խլեն անձին արժանապատուութիւնը։

Սակայն դա նորութիւն մը չէ։ Մտածենք թէ ինչպէս նոյնինքն Յիսուսի տանջուեցաւ ու խաչեցուեցաւ։

Կասեցնենք խոշտանգումին այդ սարսափը։ Հրամայական է ամէն բանէ աւելի վեր բարձրացնել մարդու արժանապատուութիւնը։

Ապա թէ ոչ զոհերը մարդիկ չեն, իրեր են եւ կարող են չափէն աւելի չարաշահուիլ, պատճառելով իրենց մահը կամ ալ մշտական հոգեբանական եւ Ֆիզիքական վնաս։

Աղօթենք որպէսզի միջազգային ընտանիքը շօշափելի կերպով յանձնառու դառնայ խոշտանգումի վերացման, երաշխաւորելով աջակցութիւն զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2023, 16:00