Որոնել

Հարաւային Սուտան, գաղթականներ Հարաւային Սուտան, գաղթականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ափրիկեցի մանուկներուն. «Պայքարիլ խաղաղութեան համար, մարդկութիւնը մեծ վտանգի տակ է»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ափրիկէի ցամաքամասի տարբեր երկիրներէն ժամանած խումբ մը անչափահասներ, Ափրիկէի նուիրուած օրուան առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ափրիկէի ցամաքամասի տարբեր երկիրներէն ժամանած խումբ մը անչափահասներ, Ափրիկէի նուիրուած օրուան առթիւ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Ափրիկէի տարբեր երկիրներէն ժամանած մանուկներուն հետ տեսակցելու համար որոնց ընկերացած են անոնց հարազատներն ու կարգ մը դեսպաններ։

Ակնարկելով ապա Ափրիկէի նուիրուած օրուան մասին, Սրբազան Հայրը նշեց, որ այդ օրը կը ներկայացնէ ողջ ցամաքամասի պայքարի խորհրդանիշը՝ տնտեսական, ընկերային զարգացման եւ յառաջդիմութեան ազատագրման ի սպաս, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մշակութային ժառանգութիւնը արժէքաւորելու համար։

«Դուք նշան էք այդ մշակութային հարուստ տարբերութեան ու ձեզ կը հրաւիրեմ ունենալու տարբեր ըլլալու յանդգնութիւնը, վկայելու առատաձեռնութեան, ծառայութեան, մաքրութեան, քաջութեան, ներումի, արդարութեան համար պայքարի ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքի, աղքատներուն սիրոյն եւ ընկերային բարեկամութեան սիրոյ գեղեցկութիւնը»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա Անդրադառնալով Ափրիկէի մէջ ներկայ ծանր տագնապներուն, ինչպէս ահաբեկչութեան, կաշառակերութեան, անգործութեան եւ գաղթականութեան հարցերը, Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդները, որ իրենց բարձր ձիրքերով, երբեք չհրաժարին իրենց երազներէն, երբեք վերջնական օրէն չթաղեն իրենց կոչումը եւ յաղթահարուած չզգան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Ափրիկէի հարստութիւններուն մէկը երիտասարդներուն բարձր միտքն է ու անոնք իրենց ուսումնական կարողութեամբ կրնան նպաստել հասարակութեան մարդկային զարգացման։

Յիշելով ապա անչափահաս զինուորները, որոնք ամէն օր զոհ են ամէն տեսակի պայքարներու, նորին Սրբութիւնը խնդրեց մօտիկ կանգնիլ այդ անչափահաս զինուորներուն որպէսզի անոնք մերժուած չզգան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց օգտուիլ եւ լուսաւորուիլ տարեցներու խորհուրդներէն եւ վկայութիւններէն նկատել տալով որ արմատներու, տարեցներու, մեզմէ առաջ եկողներու հետ երկխօսութիւնը մեզի թոյլ կու տայ յառաջ երթալու։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ մարդկութիւնը կը գտնուի ծանր վտանգի տակ ու պէտք է միշտ յիշել խաղաղութեան համար պայքարը, ապրիլ խաղաղութիւնը բոլորին միջեւ, դառնալ խաղաղութեան դեսպաններ, որպէսզի աշխարհը բացայայտէ սիրոյ գեղեցկութիւնը, միասին ապրելու, եղբայրութեան, եւ զօրակցութեան գեղեցկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 10:42