Որոնել

2023.05.29 Consegna del Premio Paolo VI di Brescia al Presidente della Repubblica Italiana Sergio Mattarella

Պօղոս Զ միջազգային մրցանակը Նախագահ Մաթթարելլային

«Դուք Պարոն նախագահ` ձեր խօսքերով, ձեր օրինակով, որոնք արժեւորուած են ձեր ապրումներով, պատասխանատուութեան հետեւողական վարժապետ մըն էք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 29 մայիս 2023ին, Մոնթինի Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի Աթոռին վրայ ընտրուելուն վաթսուն ամեակին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային պիտի յանձնէ Պօղոս Զ-ի անուան Միջազգային մրցանակը` Մաթթարելլայի Քրիստոնէական արժէքներով ոգեշնչուած քաղաքական յանձնառութեան և քաղաքացիական հաստատութիւններուն ծառայելու իր հասարակաց բարիքի նուիրուածութեան համար։

Մրցանակը ընդհանրապէս կը շնորհուի կարեւոր անձնաւորութիւններու, որոնք որոշ ներդրումներ ունեցած են մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու և մարդկային արդար համակեցութեան խրախուսման գործին մէջ եւ որոնք տարբեր ձևերով վկայութիւն տուած են Պօղոս Զ-ի հոգևոր ժառանգութեան կենսունակութեան մասին։

Քրիստոնէական դաստիարակութեան Գործունէութիւնը, որուն կը պարտինք Մրցանակին հաստատումը, ստեղծուած է Պօղոս Զ-ի մահուընէ ետքը Անոր ծննդավայր Պրեշա թեմին մէջ, նպատակ ունենալով յարգել երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետին յիշատակը, անոր մտածումը եւ անոր գործունէութիւնը, Պօղոս Զ հաստատութեան միջոցաւ։

Մրցանակի շնորհման արարողութենէն առաջ` Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահ Մաթթարելլային հետ, ապա մրցանակի յանձնումի արարողութեան ընթացքին ան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ նախ ուրախութիւն յայտնեց մրցանակը Նախագահ Մաթթարելլլային շնորհելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց Պօղոս Զ անաուան հաստատութեան անդամներուն` երջանկայիշատակ Քահանայապետին «յիշատակը» վառ պահելու ու այդ յիշատակին խնամք տանելու համար։

Քաղաքականութիւնը` բարեսիրութեան ամենավսեմ ձեւ

«Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, որուն համար պէտք է երախտապարտ ըլլալ Սուրբ Պօղոս Զին, ընդգծեց աշխարհական հաւատացեալներուն դերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «աշխարհականները իրենց մկրտութեան շնորհիւ ունին իսկական առաքելութիւն մը» եւ թէ անոնց վստահուած զբաղումներու կարգին է քաղաքականութիւնը` որ «բարեսիրութեան ամենավսեմ ձեւն է»։

Ծառայութիւնը

Քահանայապետը ապա սիրոյ այդ վսեմ ձեւը քաղաքականութեան մէջ ապրելու կերպը ամփոփեց մէկ բառի մէջ` ծառայութիւն, մէջբերելով այս առընչութեամբ Սուրբ Պօղոս Զ-ին խօսքերը երբ Ան հաստատած էր, որ հանրային իշխանութիւն իրականացնողները իրենք զիրենք համարելու են «իրենց հայրենակիցներուն ծառաները՝ իրենց բարձր պաշտօնին վայել անշահախնդրութեամբ և ազնւութեամբ» ( 8 ապրիլ 1972` Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներուն)։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ այս իտէալը շատ անգամ կարելի չէ իրականացնել ու թէ յաճախ ականատես ենք անձերու` որոնք փոխանակ իշխանութեան միջոցաւ ծառայութիւն մատուցելու կը շահագործեն այդ իշխանութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած խօսքերուն. Ով որ կ՛ուզէ ձեր մէջ մեծը ըլլալ թող ձեր ծառան ըլլայ» (Մարկոս 10,42-43) եւ հաստատեց թէ «այդ օրէն սկսեալ քրիստոնեային համար մեծութիւնը հոմանիշ է ծառայութեան» այս ուղղութեամբ գնահատելով Նախագահ Մաթթարելլային «ծառայական հոգին» ի սպաս Պետականութեան։

Պատասխանատուութիւն

Յիշելով ապա Իտալացի քրիստոնեայ եւ մեծ գրագէտ Ալեսսանտրօ Մանծոնին, որուն մահուան 150 ամեակը նշուեցաւ այս տարի, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ ծառայութիւնը կարող է ըլլալ լոկ իտէալ մը եթէ անոր չի զօդուի այլ բառ մը` պատասխանատուութիւն։

Այս առընչութեամբ եւս Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեցՄոնթինի Քահանայապետին խօսքերուն, ուր Ան կը հաստատէ` թէ «խօսքերը քիչ բանի կը ծառայեն եթէ ուղղորդուած չ՛ըլլան սեփական պատասխանատուութեան աւելի աշխոյժ գիտակցումէն» (Octogesima adveniens, 14 մայիս 1971, 48)։ Որովհետեւ, կը բացատրէ, երջանկայիշատակ Քահանայապետը` «շատ դիւրին է միւսներուն վերագրել անարդարութիւններուն պատասխանատուութիւնը, եթէ միեւնոյն ատեն համոզուած չ՛ըլլանք թէ իւրաքանչիւր անձ այդ պատասխանատուութեան մասնակից է ու թէ անոր համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ անհատական ապաշխարութիւն»։

Պատասխանատուութիւնը կոչ` ընթանալու հակահոսանք

Ֆրանչիսկոս Պապը նկատեց` թէ այդ խօսքերը այժմէական կը թուան ու թէ այսօր եւս դիւրին է միւսները մեղադրել մինչ ամբողջականութեան հանդէպ կիրքը կը նուազի եւ միասնական յանձնառումը սահմանուած է մթագնութեան մատնուելու անհատի եսասէր կարիքներուն առջեւ»։

«Իսկ պատասխանատուութիւնը իւրաքանչիւրին կոչ կ՛ուղղէ ընթանալու հակահոսանք, մերը զգալով ուրիշին կարիքները ու մենք մեզ վերագտնելու, որպէս անփոխարինելի մաս` մէկ մարդկային ընկերութեան հիւսուածքին, որուն բոլորս կը պատկանինք» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով նաեւ օրինակութեան նկատմամբ յանձնառումին, որմէ մեկնելով յիշեց Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային եղբայրը` Փիերսանթին ու Մաֆիայի այլ զոհերը։

Ծառայութեան եւ պատասխանատուութեան հետեւողական վկայ

«Դուք Պարոն նախագահ` ձեր խօսքերով, ձեր օրինակով, որոնք արժեւորուած են ձեր ապրումներով, պատասխանատուութեան հետեւողական վարժապետ մըն էք», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը դարձեալ շեշտը դնելով իւրաքանչիւրի «պատասխանատուութեան» կարեւորութեան վրայ, յատկապէս խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ եւ կլիմայական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու յանձնառութեան մէջ, որոնց ակնարկած էր Սուրբ Պօղոս Զ-ը իր «Octogesima adveniens» առաքելական նամակին մէջ։

Ան ապա ուրախութիւն յայտնեց երախտագիտութեան գործիք դառնալու անոնց` որոնք Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային մէջ կը տեսնեն ծառայութեան եւ պատասխանատուութեան հետեւողական եւ քաղաքավար վկայ մը, ու խօսքը աւարտեց դարձեալ մէջբերելով Սուրբ Պօղոս Զին խօսքերը. «Ժամանակակից մարդն աւելի պատրաստակամ կերպով մտիկ կ՛ընէ վկաներու, քան ուսուցիչներու, կամ եթէ ան մտիկ կ՛ընէ ուսուցիչներուն, պատճառը այն է , որ անոնք վկաներ են» (Առաքելական յորդոր` Evangelii nuntiandi, 41):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 11:52