Որոնել

2023.05.30 Famiglia preghiera Patto Globale Family Global Compac

Ընտանիքը՝ ընդհանուր բարիք ստեղծող․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր հրապարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ «Յանուն ընտանիքի ընդհանրական դաշինք» ծրագրի մեկնարկի կապակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 30 Մայիսին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը՝ «Յանուն ընտանիքի ընդհանրական դաշինք» ծրագրի մեկնարկի կապակցութեամբ։

Նախաձեռնութիւնը Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեանն է  եւ Հասարակական գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառինը։

Գաղափարը ծնած է  ընտանիքի մշակութային և մարդաբանական կարեւորութեան եւ անոր առջեւը ծառացած նոր մարտահրաւէրներու վերաբերեալ  ուսումնասիրութիւններու և հետազօտութիւններու ծիրէն ներս:

Միտուած է երկխօսութեան մէջ դնել  ընտանիքի հովուական խնամքը աշխարհի կաթողիկէ  համալսարաններու մէջ ներկայ ընտանիքին հայող ուսումնասիրութեան և հետազօտական ​​կենտրոններուն հետ:

Կաթողիկէ  համալսարանները և հովուական խնամքը միասին՝ ընտանիքի մշակոյթի համար

«Ընտանիքի բարօրութիւնը  որոշիչ է աշխարհի և Եկեղեցւոյ  ապագային համար»․ յղում կատարելով Amoris laetitia  առաքելական յորդորագիրին (n. 31)՝ Սրբազան Պապը  պատգամին սկիզբը իր աջակցութիւնը յայտնած է «Յանուն ընտանիքի ընդհանրական դաշինք» ծրագիրին։

«Կաթողիկէ  համալսարանները և հովուական խնամքը միասին կրնան աւելի լաւ խթանել ընտանիքի և կեանքի մշակոյթը, որ, հիմնուելով իրականութեան վրայ  կ’օգնէ նոր սերունդներուն՝ այս անորոշութեան և յոյսի բացակայութեան ժամանակներու մէջ, գնահատել ամուսնութիւնը, ընտանեկան կեանքը, մարդկային կեանք ստեղծելու եւ պահպանելու գեղեցկութիւնը», շարունակած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը:

Չհամակերպինք ընտանիքի անկումին

Ան ապա յորդորած է չհամակերպիլ  ընտանիքի անկումին եւ  շեշտած, որ «Յանուն ընտանիքի ընդհանրական դաշինք»ը չպէտք է  ըլլայ «անշարժ եւ գաղափարներ բիւրեղացնող ծրագիր մը, այլ ուղեւորութիւն, որը բաժնուած է չորս քայլերու»՝ երկխօսութիւն ընտանիքին հայող բոլոր իրականութիւններու միջեւ, բովանդակային եւ նպատակային առաւել միահամուռ ջանքեր քրիստոնէական համայնքներու եւ Կաթողիկէ համալսարաններու միջեւ, հասարակութեան մէջ ընտանիքի եւ կեանքի մշակոյթի նպաստում, աջակցութիւն վերոնշեալ նպատակներէն բխող առաջարկներուն»։

Լաւ ընտանեկան յարաբերութիւնները՝ անփոխարինելի հարստութիւն

Նորին Սրբութիւնը աւարտած է պատգամը կրկին անգամ ընդգծելով, որ «ընտանիքը դրական ազդեցութիւն ունի բոլորի վրայ, քանի որ կը ստեղծէ ընդհանուր բարիք. լաւ ընտանեկան յարաբերութիւնները անփոխարինելի հարստութիւն են ոչ միայն ամուսիններու և զաւակներու, այլեւ ողջ եկեղեցական և քաղաքացիական համայնքի համար» ու շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք միացած են եւ որոնք պիտի միանան «Յանուն ընտանիքի ընդհանրական դաշինք»ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2023, 11:42