Ֆրանչիսկոս Պապին 41րդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը. Հունգարիա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 28էն 30 ապրիլին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Հունգարիա, որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին 2023ին կատարած երկրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Քահանայապետութեան 41րդը։
Երկրորդ այց
Ֆրանչիսկոս Պապը 2021ի սեպտեմբերին առիթը ունեցած էր մի քանի ժամուայ համար այցելելու Պուտաբեշտը, ուր նախագահած էր Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52րդ համագումարի եզրափակման արարողութիւնը նախ քան Սլովաքիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութիւնը։ Այս անգամ սակայն ճամբորդութիւնը նկատուած է Երկրին պաշտօնական այցելութիւն։
Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Հունգարիան հիւրընկալած է այլ Քահանայապետ մը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որ երկու անգամ այցելած է երկիրը` 1991ին եւ 1996ին։
Քրիստոս մեր ապագան է
Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան կարգախօսն է «Քրիստոս մեր ապագան է» որ դրոշմուած է տարբերանշանին վերի մասին վրայ ու անոր տակ գրուած է «Ֆրանչիսկոս Պապ հունգարիոյ մէջ 28-30 ապրիլ 2023»։
Նշանաբանին կեդրոնական տարրն է Պուտաբեշտի Շղթաներու Կամուրջը, որ Հունգարիոյ ամենահին կամուրջն է եւ խորհրդանիշն է Հունգարիոյ մայրաքաղաքին եւ Երկրին, կառուցուած միացնելու համար Պուտա եւ Փեսթ քաղաքները։ Այս մէկը յղում է յիշեցնելու Ֆրանչիսկոս Պապին «մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելու կարեւորութեան» միտքը ։
Կամուրջի երկու սիւներուն վրայ իրարու կը հանդիպին Սուրբ Աթոռի դրօշի սպիտակ եւ դեղին գոյները ու Հունգարիոյ ազգային կարմիր, ճերմակ եւ կանանչ գոյները։
Տաբերանշանը կը ներկայացնէ ապա կլոր շրջանակ, որ կը խորհրդանշէ սուրբ հաղորդութիւնը ու նաեւ Քրիստոսի կողմէ փրկուած աշխարհը։ Շրջանակին ձախ կողմի վրայ խաչը կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 12 սեպտեմբեր 2021ին, Պուտաբեշթի մէջ արտասանած խօսքը, որուն մէջ մաղթած էր, որ խաչը դառնայ անցեալի եւ ապագայի միջեւ կամուրջ։
Ճամբորդութեան հանգրուանները
Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի ուրբաթ 28 ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամը 7,30ին, ուղղուելով Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն ապա մեկնումը նախատեսուած է ժամը 8,10 անց։
Դէպի Պուտաբեշտ ճամբորդութեան տեւողութիւնը մէկ ժամ յիսուն վայրկեան է, եւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք ժամանումին Սրբազան Քահանայապետը եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները կը դիմաւորուին Հունգարիոյ Փոխ Վարչապետի կողմէ եւ «փրոթոքոլային» արարողակարգէն ետքը կը փոխադրուին «Սանտոր Պալատ» ուր նախատեսուած է «Բարի Գալուստի» պաշտօնական արարողութիւնը, Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահին քաղաքավարական այցելութիւնը, հակիրճ հանդիպում Երկրին Վարչապետին հետ ապա հանդիպում Երկրին քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։ Ճամբորդութեան առաջին օրուայ երկրորդ պաշտօնական հանդիպումը կնախատեսուած է Սուրբ Ստեփանոս անուան Համա-Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ` Հունգարիոյ Կղերական դասի անդամներուն հետ։
Շաբաթ օր Սրբազան Պապը պիտի այցելէ «László Batthyány-Strattmann» անուամբ հաստատութիւնը, ուր պիտի հանդիպի այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ ապա Հունգարիոյ Սրբուհի Եղիսաբեթի եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ աղքատներու եւ գաղթականներու հետ իսկ աւելի ուշ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Յոյն Կաթողիկէ հասարակութիւնը ու յետմիջօրէին, կը հանդիպի երիտասարդներու հետ մինչ երեկոյեան նախատեսուած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ առանցական հանդիպում Պապական նուիրակին պալատին մէջ։
Կիրակի 30 ապրիլին Սրբազան Քահանայապետը «Քոսսութ Լայոս» հրապարակի վրայ կը մատուցէ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը իսկ յետմիջօրէին նախ քան Հռոմ վերադարձը, Ան կ՛այցելէ Փիթըր Փազմանի կաթողիկէ համալսարանը հանդիպելով համալսարանական իւ մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։
Հունգարիա կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան բնակավայրը կը հանդիսանայ Առաքելական Նուիրակին պալատը։ Քահանայապետին հետ պիտի ճամբորդեն գրեթէ 75 լրագրող, մինչ Նորին Սրբութիւնը պիտի ունենայ վեց պաշտօնական ելոյթներ, որոնց շարքին քարոզ մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ