Վերադառնանք Գալիլիա` Յիսուսին հետ առաջին հանդիպումի վայրը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
8 Ապրիլի, երեկոյեան ժամը 7,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախագահեց «Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի» արարողութեան, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գաւիթէն, ուր տեղի ունեցաւ «նոր հուրի» օրհնութիւնը, ապա Զատկական մոմով թափոր կազմելով մասնակիցները մուտք գործեցին Պազիլիքա, ուր տեղի ունեցաւ Խօսքի, Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու մատակարարումը, որոնց ընթացքին տարբեր ազգերու պատկան ութը չափահաս «երախաներ» (մկրտութեան թեկնածուներ) Քահանայապետի ձեռքով ընդունեցան սուրբ մկրտութեան խորհուրդը։ Թեկնածուներէն երեքը ալպանացի էին, երկուքը Միացեալ Նահանգներէն, մէկը իտալացի, մէկը նիճերիացի եւ մէկը վենեզուելլայէն։
Նոր ուղի` Քրիստոս Յարեաւ
Ծիսակատարութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Քահանայապետը ակնարկեց օրուան խորհուրդին, մատնանշելով որ «գիշերը աւարտին կը հասնի եւ կը վարին արշալոյսի առաջին լոյսերը, երբ կիները ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Յիսուսին գերեզմանը։ Անոնք կը քալեն անորոշ, կորսուած, ցաւէ յօշոտուած սրտով, այդ մահուան համար, որ իրենց Սիրելին խլեց։ Սակայն հասնելով այդ վայրը եւ տեսնելով պարապ գերեզմանը, կը փոխեն իրենց ճամբան, կը լքեն գերեզմանը եւ կը վազեն դէպի աշակերտները անոնց աւետելու համար նոր ուղի մը. Յիսուս յարութիւն առաւ եւ զանոնք կը սպասէ Գալիլիայի մէջ»։
Նոր նպատակակէտ Գաիլիան
«Այս կիներու կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ Զատիկը, որ կը նշանակէ «անցքը» ըսաւ Քահանայապետը։ «Անոնք դէպի գերեզման տանող տխուր ուղեւորութենէն անցան դէպի ուրախ ուղեւորութիւնը` դէպի աշակերտները» աւելցուց Ան նկատել տալով, որ «կայ այլ մէկ ձեռք բերելիք նպատակակէտ մը` Գալիլիան։ Աշակերտներուն վերածնունդը կ՛անցնի Գալիլիայէն» հաստատեց Սրբազան Պապը։
«Կիներուն ապրած փորձառութիւնը յաճախ կը պատահի նաեւ մեզի. Մենք ալ շատ անգամ կը մտածենք, որ Յիսուսին հետ հանդիպումին ուրախութիւնը անցեալին կը պատկանի, մինչ ներկային մէջ կը տեսնենք միայն կնքուած գերեզմաններ» ըսաւ նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով կեանքի ընթացքին մեր հանդիպած խոչընդոտներուն, ապրուած յուսալքումի պահերուն, ու մեր յաճախ կրկնած «ի՞նչու» հարցումներուն։
Գալիլիա երթալ կը նշանակէ դուրս գալ փակումներէն, վերադառնալ ակունքին
«Աւետարանը կը պատմէ թէ ինչպէս կիները արագօրէն կը փոխեն իրենց ընթացքը եւ ընկճուած վիճակէն կ՛անցնին մեծ ուրախութեան վիճակի, տանելով լուրը որ առ յաւէտ պիտի փոխեր կեանքն ու պատմութիւնը. Քրիստոս Յարեաւ»։ Անոնք ապա կը պահեն ու կը պահպանեն Տիրոջ թելադրանքները` անոր հրաւէրը երթալու Գալիլիա, որովհետեւ հոն պիտի տեսնեն զինք։
«Գալիլիա երթալ կը նշանակէ դուրս գալ փակումներէն, դուրս գալ թաքստոցէն, բացուելու համար առաքելութեան, փախչիլ վախէն` քալելու համար դէպի ապագայ», յարեց ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով նաեւ թէ Գալիլիա երթալ կը նշանակէ նաեւ վերադառնալ ակունքին` որովհետեւ «ճիշտ Գալիլիոյ մէջ է, որ ամէն բան սկիզբ առաւ։ Այնտեղ է արդարեւ որ Տէրը առաջին անգամ հանդիպեցաւ ու կոչեց աշակերտները»։
Գալիլիայէն սկիզբ առաւ Յիսուսին հետ սիրոյ պատմութիւնը
Ահա ուրեմն թէ ի՞նչ կ՛ընէ Տիրոջ Զատիկը` մեզ կը մղէ յառաջ ընթանալու, դուրս գալու պարտուածի զգացումէն, գլորելու գերեզմանին քարը, որուն ետին յաճախ պահուած է յոյսը, կը մղէ վստահութեամբ նայելու ապագային, որովհետեւ Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ փոխեց պատմութեան ուղղութիւնը, բայց այս ընելու համար Տէրը մեզ կը տանի շնորհքի մէջ ապրուած անցեալին, Գալիլիա, այնտեղ ուր սկիզբ առաւ Իրեն հետ մեր սիրոյ պատմութիւնը։
Յիշել եւ քալել
«Յարութիւն առնելու համար, վերսկսելու եւ մենք մեզ դարձեալ ուղեւորութեան մէջ դնելու համար, միշտ կարիքը ունինք Գալիլիա վերադառնալու» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ քալելու համար մենք պէտք է յիշենք, եւ յոյս ունենալու համար պէտք է սնուցանենք յիշողութիւնը։
Յիշել ու քալել, այս է այսօր ուղղուած հրաւէրը։ Յիշել մեր Գալիլիան ու քալել դէպի այդ Գալիլիան, վայրը« ուր ճանչցանք Յիսուսը...մեզմէ իւրաքանչիւրս լաւապէս կը ճանչնայ ներքին յարութեան վայրը, երբ ամէն բան փոխուեցաւ եւ Յարուցեալը մեզմէ կը խնդրէ այնտեղ վերադառնալ ու գլորել գերեզմանի քարերը…
«Տէրը, որ մեղքի և վախի տապանաքարերը տապալելու մասնագէտ է, կը փափաքի լուսաւորել սուրբ յիշատակը, ամենագեղեցիկ յիշողութիւնը, այժմէական դարձնել առաջին հանդիպումը Անոր հետ: Յիշէ ու քալէ։ Վերադարձիր Անոր մօտ, վերագտիր Աստուծոյ յարութեան շնորհքը քու մէջդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հետեւիլ Յիսուսին, վերադառնալ Գալիլիա, Յիսուսին հետ առաջին հանդիպումին վայրը, եւ «յարութիւն առնենք նոր կեանքի մը համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ