Քահանայապետը շնորհաւորեց օրթոտոքսներու Զատիկը, աղօթք հայցեց խաղաղութեան համար ե պաշտպանեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բին յիշատակը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 16 ապրիլ 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ ուզեց մօտիկութիւն արտայայտել բոլոր այն «եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը. «Սիրելիներ` Յարուցեալ Տէրը թող ձեր հետ ըլլայ եւ ձեզ լիացնէ իր Սուրբ Հոգիով։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ոչ պատերազմի սարսափին` այո կեանքին
Ան ապա ցաւով նշեց, թէ «հակազդելով զատկական պատգամին, պատերազմները կը շարունակուին ու անոնք կը շարունակեն մահ սերմանել... ցաւ արտայայտենք այս վայրագութիւններուն համար եւ աղօթենք անոնց պատճառած զոհերուն համար, Աստուծմէ խնդրելով, որ այլեւս ականատես չըլլանք մարդու ձեռքով իրականացուած մահուան սարսափին, այլ կեանքին զարմանքին` զոր Ան կու տայ եւ կը վերանորոգէ իր շնորհքով» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Սուտանի մէջ անկարգութիւններ
Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուտանի մէջ անցուդարձներուն, մօտիկութիւն արտայայտելով Սուտանի բնակչութեան ու հրաւիրելով բոլորը աղօթելու, «որպէսզի վար առնուին զէնքերը եւ գերակշռէ երկխօսութիւնը, որպէսզի մասնաբար վերսկսի խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհը»։
Խաղաղութիւն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ
«Ես կը մտածեմ նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը։ Թող, որ Տէրը ըլլայ անոնց մօտիկ եւ օգնէ, որպէսզի խաղաղութիւն կնքեն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ողջոյնի խօսքեր փոխանցեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն, որոնց շարքին նաեւ «Santo Spirito in Sassia» Աստուածային Ողորմութեան ուխտավայրը այցելուներուն։
Սուրբ ՅՊԲ վիրաւորական ու անհիմն եզրակացութիւններու առարկայ
«Եւ այն վստահութեամբ թէ կը ներկայացնեմ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն զգացումները, երախտապարտ յատուկ մտածում կ՛ուղղեմ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի յիշատակին, որ այս օրերուն վիրաւորական ու անհիմն եզրակացութիւններու առարկայ է», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց ողջունել զանազան ուխտաւորներու խումբերը, ապա հրաժեշտ առաւ անոնցմէ մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չմոռնան իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ