Որոնել

Աղօթ, պաղատանք Աղօթ, պաղատանք 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչումներու համար աղօթքի միջազգային 60-րդ օրուան պատգամին նիւթին ներկայացում

Չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին կոչումներու համար միջազգային 60-րդ օրուան պատգամին նիւթն ու հակիրճ տեղեկութիւններ կոչումներու համար միջազգային աղօթքի օրուան վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 30 ապրիլին, կոչումներու համար աղօթքի միջազգային 60-րդ օրն է։ Աւանդութեան համաձայն, կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն ետք չորրորդ կիրակին, որմէ մի քանի օր առաջ կը հրապարակուի Քահանայապետին այդ օրուան առիթով հրատարակած պատգամին նիւթը։ Այս տարուան նիւթն է «Կոչում. Շնորհք եւ առաքելութիւն»։

Ի՞նչպէս ծնաւ կոչումներու համար աղօթքի միջազգային գեղեցիկ օրը

Ամէն ինչ սկիզբ առաւ Յիսուսի իր առաքեալներուն տուած պատուէրով.« Ուստի աղաչեցէք հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մատթ 9, 38)։

Առաքեալները ի գործ դնելով Յիսուսին խնդրանքը աղօթեքին ապա քահանայապետ մը հաստատեց կոչումներու նուիրուած միջազգային աղօթքի օր մը։

23 յունուար 1964ին, Պօղոս Զ քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններուն փոխանցեց կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրուան իր որոշումը, որուն անմիջապէս ընդառաջեցին շարք մը եկեղեցական կազմակերպութիւններ ու Պապին կոնդակի միացան բազմաթիւ եպիսկոպոսներ այդ նիւթին նուիրելով հովուական նամակներ։

Եկեղեցւոյ հրաւէրը

Կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրուան առիթով եկեղեցին կը հրաւիրէ դարձեալ խոխալու մեր կեանքի մասին, իբրեւ կոչում մը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ ծառայութեան, Տիրոջ հետեւելու ձեւ մը, աւելի արդար աշխարհ մը կառուցելու համար։

Կոչումներու համար միջազգային աղօթքի օրը, առիթ է զարգացնելու համար մշակոյթ մը, որ գիտէ իր անձնական շահերէն եւ հաշիւներէն անդին երթալ հռչակելու համար, թէ անձնուիրումը՝ կեանքի ըմբռնումին լաւագոյն ձեւն է։

Այդ օրը, քրիստոնեայ հասարակութիւններն ու երիտասարդները աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած կոչումներու դիտաւորութեամբ եւ տեղի կ՝ունենան հանդիպումներ եւ վկայութիւններու փոխանակումներ, քահանայական ձեռնադրութեան պատրաստուած սարկաւագներու, անձնուիրեալներու ու պսակի պատրաստուած զոյգերու միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրուան պատգամին ներկայացումը

2023 թուականին, «Կոչում. Շնորհք եւ առաքելութիւն» վերնագիրով, կոչումներու համար միջազցային 60-րդ օրուան Ֆրանչիսկոս քահանայապետին պատգամը կը ներկայացուի չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն ելոյթ ունեցողներու շարքին են ի միջի այլոց` Կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Լազզարօ Եու Հէունկ Սիք եւ միեւնոյն վերատեսչութեան քարտուղար Գերապայծառ Անտրէս Կապրիէլ Ֆեռատա Մորէյրա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2023, 12:23