Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ITA Airways ընկերութեան անձնակազմին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ ITA Airways ընկերութեան անձնակազմին հետ  (Vatican Media)

Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ «ITA Airways» ընկերութեան անդամներուն

Հաճոյքով կ’ընդունիմ զանոնք, որոնք կը ներկայացնեն «Պապի թևերը». Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Հաճոյքով կ’ընդունիմ զանոնք, որոնք ինչ-որ կերպ կը հանդիսանան «Պապի թևերը», քանի որ թոյլ կու տան Պետրոսի Յետնորդին թռչել աշխարհի ծայրերը՝ տանելով յոյսի և խաղաղութեան Աւետարանը»։ Այս խօսքերով սկսաւ իր պատգամը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ «ITA Airways» ընկերութեան ղեկավարներուն և անձնակազմին՝ ընդունելով զանոնք այսօր՝ 14 Ապրիլին:

Սուրբ Պօղոս Զ՝ բացումը կատարեց աշխարի մէջ Քահանայապետերու ուղեւորութիւններուն

Ան ապա շարունակեց ըսելով թէ. «Երբեմն կը մտածեմ թէ՝ եթէ Սուրբ Պօղոսը հնարաւորութիւն ունենար ճամբորդել ինքնաթիռով, ի՞նչ կը պատահէր», եւ յետադարձ հայեացք նետեց Քահանայապետերու ճամբորդութիւններուն՝ սկսելով Սուրբ Պօղոս Զ Պապէն, որ առաջին Քահանայապետը եղաւ, որ 1964 թուականի Յունուար 4ին բարձրացաւ ինքնաթիռ՝ Սուրբ Հող իր առաքելական ուխտագնացութեան համար:

«Այդ թռիչքը՝ Հռոմէն դէպի Ամման բացումը կատարեց աշխարի մէջ Քահանայապետերու ուղեւորութիւններուն. նոր եղանակ՝ Պետրոսի սպասաւորութիւնը իրականացնելու», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի, Պենետիկտոս ԺԶի եւ Ֆրանչիսկոսի ճամբորդութիւնները

Ան նշեց նաեւ, որ Սուրբ Պօղոս Զի առաջին թռիչքին յաջորդեցին եւս ութը, որոնք Զինք տարին դէպի բոլոր ցամաքամասեր, եւ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի 104 ճամբորդութիւնները՝ Անոր Քահանայապետութեան 27 տարիներու ընթացքին, ընդգծելով թէ՝ «այդպէս շարունակած է ճամբորդել Պենետիկտոս ԺԶ; այդպէս շարունակած եմ ճամբորդել ես»:

Այս համատեքստին մէջ Ֆրանչիսկոս  աւելցուց, որ, Աստուծոյ կամօք, երկու շաբաթէն պիտի մեկնի 41րդ առաքելական ուխտագնացութեան՝ այցելելով Հունգարիա։

Ճամբորդութիւններու կարեւորութիւնը

Սրբազան Պապը, ապա, գնահատելով իտալական ITA Airways ընկերութեան աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ որոնց շնորհիւ  կը շարունակէ ճամբորդել եւ շեշտեց, որ «իրեն համար կարեւոր է հանդիպիլ մարդկանց, համայնքներու, հաւատացեալներու, այլ կրօններու հաւատացեալներու, բարի կամքի տէր կանանց և այր մարդերու (…) որպէսզի հաստատէ եղբայրներուն հաւատքի մէջ, մօտ ըլլայ անոնց, որոնք կը տառապին, օգնէ զանոնք, որ հաւատարիմ են խաղաղութեանը»:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի վերջոյ օրհնեց ներկաները եւ խնդրեց աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2023, 12:03