Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի ցոյց տալու համար երկինքի ճանապարհը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 15 ապրիլին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մատրէ Տէ Լա Էսփերանցա Տէ Թալավերա Տէ Լա Ռէյնա» հիմնարկի անդամները։
Այս առթիւ փոխանցած պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք ներկաներուն հետ հանդիպումին համար խօսքը կեդրոնացուց կեանքի ուղեւորութեան վրայ նշելով, որ «Կեանքի ուղեւորութիւնը նման է Ճանապարհ խաչին, զոր վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը կը նախաձեռնէ ամէն տարի, Նազովրեցի Յիսուսին քով ընկերանալու համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ հիմնարկի անդամները «Յիսուսը կը փոխադրեն ուրիշներուն իրենց ժեսթերով, երգերով եւ աղօթքներով, իրողութիւն մը որ յոյժ գեղեցիկ է ու փոքրիկութեան մէջ Յիսուսի վկաներն ու միսիոնարները կը դառնանք»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Յիսուս մեզի կը նայի եւ կ՝ուրախանայ մեր կատարած ջանքերուն համար
«Կեանքին մէջ, ինչպէս ճանապարհ խաչի ընթացքին, բոլորս ունինք աշխատանք մը, պարտականութիւն մը։ Յիսուս մեզի կը նայի եւ կ՝ուրախանայ մեր ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ սիրոյ համար զոր կարողացանք փոխանցել ուրիշներու», ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով թէ ինք ականատես եղած է ճանապարհ խաչի ընթացքին հիմնարկի անդամներուն կրած բանտարկեալ Յիսուսի պատկերին, որուն մէջ Յիսուսի ձեռքերը կապուած են ու խաչ մը կարուած է փոքրիկ փորուրարին վրայ ։
Յիսուս կը հագուի այդպէս, որովհետեւ մենք գիտակից ենք թէ շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք մեզ կողքին են անկարող են կատարելու իրենց գործերը ուրիշներուն նման ու կը կարծեն թէ իրենց ձեռքերը կապուած են։ Սակայն շեշտեց Սրբազան հայրը Յիսուսին հետ կրնանք շատ բարի բաներ գործել ու միասնաբար աշխատելու ժամանակ կը դառնաք Յիսուսի ձեռքերը, ինչպէս նաեւ ոտքերը, ձայնը, Անոր Սիրտը երբ կը կարողանանք ուրիշներուն հետ կիսել Յիսուսին հետ հանդիպման ուրախութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուծոյ, մեր ծնողաց, եղբայրներուն, քահանաներուն ու բոլոր անձերուն համար, որոնց կը սիրէք։
Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի բանալու համար իր դռները
Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ նշեց որ գունաւոր ասեղնագործուած խաչը հրաւէր է երազելու Յարութեան մասին։ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի ցոյց տալու համար երկինքի ճանապարհը, մեզի բանալու համար իր դռները եւ դա մեծ ուրախութիւն է որ կը յիշենք Յարութեան տօնին օրը հետեւաբար ազատ ենք բարիք կատարելու եւ միասնաբար ուղղուելու դէպի այդ նպատակ։
«Եւ մեր խաչը՝ այսինքն ջանքը, համբերութիւնը, յոգնութիւնը ունի որպէս արդիւնք արուեստի գեղեցիկ գործ մը՝ լի գոյնով եւ յոյսով, որ վառուելով մեր սիրտերուն մէջ մեզի ուժ կու տայ ու կը մղէ յառաջ երթալու» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա ճառը աւարտեց հայցելով Յիսուսի եւ յոյսի Տիրամօր օրհնութիւն ու հովանին, խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ