Որոնել

2023.04.13 Membri dell'Associazione Religiosa Istituti Socio-Sanitari (ARIS)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տարեցները դեղերէն զրկելը թաքնուած եւ առաջադէմ հեշտամահութիւն է»։

«Ոչ մէկը պէտք է ինքզինք մինակ զգայ հիւանդութեան մէջ, ընդհակառակը իւրաքանչիւրին պէտք է աջակցիլ ու օգնել քալելու քրիստոնէական յոյսով՝ տկարութեան, երբեմն յոգնեցուցիչ ու երկար ճանապարհի վրայ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 13 ապրիլին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ընկերային առողջապահական հաստատութիւններուն կրօնական ընկերակցութիւններուն» (ARIS) անդամները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վերոյիշեալ հաստատութեան, Իտալիոյ առողջապահական կեդրոններուն մէջ կատարած բոլոր բարիքներուն համար, քաջալերելով զանոնք յառաջ տանիլ իրենց աշխատանքը՝ յարատեւութեամբ եւ եղբայրասիրական հոգիով, այնպէս ինչպէս կատարեցին ու իրենց կեանքը նուիրեցին կրօնական առողջապահական կեդրոններու շատ մը հիմնադիրներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ Իտալիոյ մէջ եկեղեցին՝ առողջապահութեան միջոցաւ գործեց անսալով եւ ուշադրութիւն ցուցաբերելով աղքատներուն, տկարներուն եւ ընկերութեան եզրին գտնուողներուն յիշեց Սան Քամիլլօ Լելլիսը, Սրբուհի Ճուզէփփինա Վաննինին, Սուրբ Ճուզէփփէ Մոսքաթին, Սրբուհին Ակոսթինա Փիերթանթոնին։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ որպէս եկեղեցի կանչուած ենք առաջին հերթին ընդառաջել աղքատներուն, մեկուսացեալներուն առողջապահական խնդրանքներուն ու բոլոր անոնց որոնք տնտեսական եւ մշակութային պատճառներով անտեսուած են իրենց կարիքները։

Քրիստոնէութեամբ ոգեշնչուած առողջապահութիւն

«Քրիստոնէութեամբ ոգեշնչուած առողջապահութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել յատկապէս հասարակութեան տկար խաւերու իրաւունքը, նպաստելով այն վայրերուն, ուր անձերը աւելի տառապած ու քիչ խնամուած են, նոյնիսկ եթէ այս մէկը կը պահանջէ գոյութիւն ունեցող ծառայութիւններու կերպարանափոխումը դէպի նոր իրականութիւններ» ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով5 որկրօնական հիւանդանոցները ունին յատուկէն՝ հոգ տանելու առաքելութիւնը, անոնց որոնք մերժուած են առողջապահական տնտեսութենէն ու Քրիստոնէական ներշնչումով առողջապահական հաստատութիւններու մարգարէութիւնն է հոգ տանիլ անոնց որոնց ոչ մէկը կ՝ուզէ դպչիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց, ընկերանալ հաստատութեան մէջ հիւրընկալուած անձերը համապարփակ խնամքով, որ չ՝անտեսեր հիւանդներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ առողջապահական գործիչներուն հոգեւորական եւ կրօնական օգնութիւնը։

Ոչ մէկը պէտք է ինքզինք մինակ զգայ հիւանդութեան մէջ

«Ոչ մէկը պէտք է ինքզինք մինակ զգայ հիւանդութեան մէջ, ընդհակառակը իւրաքանչիւրին պէտք է աջակցիլ ու օգնել քալելու քրիստոնէական յոյսով՝ տկարութեան, երբեմն յոգնեցուցիչ ու երկար ճանապարհի վրայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա խօսքը եզրափակեց քաջալերելով վառ պահել հիմնադիրներու շնորհապարգեւը, կերտելու համար ներկան ու ապագան ուր կը հռչակուի Աստուծոյ մօտիկութիւնը հիւանդներուն, յատուկէն շահոյթի տրամաբանութենէն բացառուած տկար անձերուն»

Պատգամի աւատին, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնելով ներկաները ու անոնց աշխատանքը, խնդրեց ինչպէս միշտ չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2023, 10:25