Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յառաջիկայ կիրակի օր կը նշուի Աստուածային Ողորմութեան նուիրուած տօնը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 12 ապրիլին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները։
Իտալացիներու յղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց Յիսուսեան միաբանութեան նոր սարկաւագները յորդորելով զանոնք հաւատարմութեամբ հետեւելու Աստուածային վարդապետին։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեցուց, որ յառաջիկայ կիրակի կը նշուի Աստուծոյ ողորմածութեան տօնը նկատել տալով որ «Տէրը երբեք չդադրիր ողորմած ըլլալէ» ու հարկ է «խոկալ Աստուածային ողորմածութեան մասին, որ միշտ կ՝ընկալէ, կ՝ընկերանայ եւ մինակ չձգեր»։
Յայտնենք, թէ Աստուածային ողորմութեան տօնը հաստատուած է 2000 թուականի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի կողմէ, նուիրելով զայն Աստուածային Ողորմութեան։ Լատինական ծէսին համաձայն սոյն տօնը կը նշուի Սուրբ Զատկին յաջորդող կիրակի։
Ողջոյնի խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց երիտասարդները, տարեցները, հիւանդները, նորապսակները հրաւիրելով զանոնք ապրելու զատկուան ժամանակը միշտ հայեացքը սեւեռելով Յարուցեալ Քրիստոսին, որ չարչարուեցաւ մեր փրկութեան համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խնդրեց աղօթել մարտիրոսացած Ուքրանիոյ համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ