Որոնել

2023.04.20 Membri della Pontificia Commissione Biblica

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնաժողովի լիագումար նիստի մասնակիցներուն

«Հիւանդութեան փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ ապրիլ մարդկային եւ քրիստոնէական զօրակցութիւնը Աստուծոյ ոճին համաձայն, որ մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն է», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ճառին աւարտին որպէս օրինակ ներկայացնելով Բարի Սամարացին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 ապրիլ 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնաժողովի լիագումար նիստի մասնակիցներուն, որոնք այս օրերուն կայացած հաւաքի ընթացքին քննարկեցին «Հիւանդութիւնն ու տառապանքը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթը։

Ցաւին փորձառութիւնը

«Նիւթ, որ կը հայի բոլորիս, հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ. Մարդկային բնութիւնը վիրաւորուած մեղքով, իր մէջ կը կրէ դիւրաբեկութեան, սահմանափակումի եւ մահուան իրականութիւնը» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպումին ընթացքին ներկաներուն յանձնած գրաւոր ճառին սկիզբը, ակնարկելով հիւանդութեան յառաջացուցած մտահոգութիւններուն ու վախերուն, որոնք կարող են «անձը մղել ինքնիր մէջ փակուելու, յուսալքուելու եւ ըմբոստանալու» եւ կամ «ան կարող է հիւանդութիւնը ընկալել, որպէս առիթ աճումի եւ զատորոշումի` կեանքին մէջ իսկապէս արժէք ունեցող բաներու վրայ, մինչեւ Աստուծոյ հետ հանդիպումը», որ «հաւատքի տեսողութիւնն է, զոր կը գտնենք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ»։

Հին ու նոր կտարականին մէջ հիւանդութեան տեսութիւնը

Սրբազան Պապը առ այդ մատնանշած է հին կտակարանին մէջ «հիւանդութեան» մասին մտածումներուն, ուր մարդը «հիւանդութիւնը կ՛ապրի միտքը յղելով Աստուծոյ, Անոր յանձնուելով արցունքի պահերուն», մինչ նոր կտակարանին մէջ «Որդին կը յայտնէ Հօր սէրը, Անոր ողորմութիւնը, Անոր ներումը եւ մեղաւոր, կորսուած ու վիրաւոր մարդուն յարատեւ փնտռտուքը», յայտնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով, թէ ինչպէս «Քրիստոսին հանրային կեանքը յատկանշուեցաւ անոր հիւանդներուն հետ կապով», «հրաշալի բժշկութիւններով», որոնք իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն Խաչին վրայ` մեր փրկութեան համար։

Քրիստոսին մէջ տառապանը կը վերափոխուի սիրոյ

«Իր յարութենէն ետքը եւս Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնեց պարտականութիւնը շարունակելու իր գործը եւ խնամք տանելու հիւանդներուն», գրած է միշտ Սրբազան Պապը, հաստատելով նաեւ, թէ «Քրիստոսին մէջ տառապանքը կը վերափոխուի սիրոյ եւ այս աշխարհիս մէջ ամէն ինչի աւարտը կը դառնայ յարութեան ու փրկութեան յոյս»։

Քահանայապետը ապա որպէս օրինակ նեըկայացուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, որ իր անձնական ապրումէն մեկնելով տառապանքի ուղեւորութիւնը  նկատեց ուղի` բացուելու աւելի մեծ սիրոյ մը (Հմմտ «Salvifici doloris», 20 Առաքելական նամակ)։

Ապրիլ մարդկային ու քրիստոնէական զօրակցութիւն

«Հիւանդութեան փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ ապրիլ մարդկային եւ քրիստոնէական զօրակցութիւնը Աստուծոյ ոճին համաձայն, որ մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն է», հաստատած է Քահանայապետը, որպէս օրինակ ներկայացնելով Բարի Սամարացին, ապա գրաւոր ճառին աւարտին բոլոր ներկաներուն փոխանցեց իր անձնական երախտագիտութիւնն ու քաջալերանքը` իրենց եկեղեցւոյ մէջ հաւատքի տարածումին ի նպաստ կատարած յանձնառու աշխատանքին համար։

«Բայց յիշեցէք, որ ձեր աշխատանքն այնքան աւելի կ՛աճի, որքան աւելի շատ կը կարողանանք անձնական գետնի վրայ ձեր հաւատքի կեանքին մէջ ընկալել մարդեղութեան խորհուրդը» հաստատծ է հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2023, 11:50