Որոնել

Հունգարիոյ մէջ Պապական նուրիրակ Հունգարիոյ մէջ Պապական նուրիրակ 

Հունգարիոյ մէջ Պապական նուիրակը. «Ժողովուրդը ուրախ է Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան համար»

Հունգարիոյ մէջ Պապական Նուիրակ, արքեպիսկոպոս Միքայէլ Պանակ «Վատիկան Նիուզ»ի հետ զրոյցը Հունգարիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրէին, Հունգարիոյ մէջ Պապական Նուիրակ, արքեպիսկոպոս Միքայէլ Պանակ «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Հունգարիոյ մէջ կայ «կանանչ, արարչագործութեան խնամքի ուշադիր» ու հիւրընկալելու կարող եկեղեցին մը, որովհետեւ Հունգարիոյ ժողովուրդը ունի մեծ սիրտը մը ու այդ մէկը կարելի է տեսնել, Ուքրանացի գաղթականներու ցուցաբերուած զօրակցութենէն՝ պատերազմին առաջին օրերէն իսկ, ինչպէս նաեւ տարեց անձերու փոխանցուած ուշադրութենէն, ըսաւ Պապական Նուիրակը աւելցնելով, որ Հունգարիոյ մէջ ժողովուրդը մեծ հպարտութեամբ կը խօսի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի երկու այցելութիւններուն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին երկու այցելութիւններուն մասին։ Յովհաննէս Պօղոս Բի այցելութիւնը տեղի ունեցած է Պերլինի պատին փլուզումէն անմիջապէս ետք, այն պահուն երբ բացայայտուեցաւ նոր ազատութիւն մը։ 30 տարի ետք, այժմ Հունգարիան աւելի զարգացած է շնորհիւ տնտեսական բարեփոխումներուն», ըսաւ Պապական Նուիրակը

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմին, Պապական Նուիրակը տեղեկացուց, թէ Հունգարիան սահման ունի Ուքրանիոյ հետ եւ Հունգարիոյ մէջ եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ օգնելու ու Հիւրընկալելու համար Ուքրանացիները։ Քարիթասը պատերազմի առաջին օրերէն ներկայ գտնուեցաւ սահմանին մօտ, կարիքաւորներուն օգնելու համար, կերակուր, դեղեր բաշխելով։

Խօսելով Սուրբ Աթոռի եւ Հունգարիոյ միջեւ հաստատուած կապերուն մասին Պապական նուիրակը նշեց, որ առաջին կապերը իրականացած են Հունգարիոյ առաջին թագաւոր Սուրբ Ստեփանոսի կողմէ, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը ու երկիրը նուիրած է Տիրամօր ։

Պապական Նուիրակը ի վերջոյ յայտնեց, որ Հունգարիոյ մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կանանչ է։ Դպրոցներուն մէջ կ՝ուսումնասիրուի Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը։ Հունգարիոյ Ժողովուրդը ու իրենց քաղաքական ներկայացուցիչները լրջօրէն կը զբաղին բնապահպանական խնդիրներով։ Մինչ եկեղեցին կը պայքարի մնացորդացի մշակոյթին դէմ ՝հոգ տանելով տարեցներուն ու կառուցելով տարեցներուն համար հանգստեան վայրեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2023, 10:45