Որոնել

«Քահանայի կեանքին դերակատարը Սուրբ Հոգին է` Ան է կոչումին սկիզբը». Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանաներուն

Առանց Տիրոջ Հոգիին չկայ քրիստոնէական կեանք եւ առանց օծումին չկայ սրբութիւն։ Առանց Անոր ոչ իսկ Եկեղեցին Քրիստոսի կենդանի հարսը պիտի ըլլար, այլ պիտի վերածուէր կրօնական կազմակերպութեան մը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 6 ապրիլ 2023ին` Աւագ Հինգշաբթի օրուայ առիթով, առաւօտեան ժամը 9.30 -ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Իւղերու Օրհնութեան պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 1800 Քահանաներ եւ 2500 հաւատացեալներ բացի կարդինալական դասի անդամներէն ու եպիսկոպոսներէն։

Աւագ հինգշաբթի օրով ըստ լատինաց կը սկսի Սուրբ Զատկուայ տօնի նախապատրաստական եռօրեան։ Յիշատակն է նաեւ իր աշակերտներուն հետ ունեցած Յիսուսին վերջին ընթրիքին ու ոտնլուայի արարողութեան, որով Ան կը հաստատէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, իր աշակերտներուն իշխանութիւն տալով իր մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող հացը բեկանելու ու գինին ըմպելու իր յիշատակին համար։

Սուրբ Հոգին քահանայական կեանքին դերակատար

Օրը կը յիշատակէ նաեւ Եկեղեցւոյ միութիւնը ու կղերական դասին հաղորդութիւնը եպիսկոպոսին հետ։ Արարողութեան ընթացքին արդարեւ կղերական դասը նորոգեց իր քահանայական ուխտերը։ Մինչ Քահանայապետը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը ուզեց կեդրոնացնել «Տիրոջ Հոգիին» վրայ, «որովհետեւ առանց Տիրոջ Հոգիին չկայ քրիստոնէական կեանք եւ առանց օծումին չկայ սրբութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց «Ան է դերակատարը, ինքն է մեր քահանայութեան առաքելութեան սկիզբը, սկիզբը իւրաքանչիւր Հովիւի կեանքին ու կենսունակութեան»։

Օծումի շնորհքը

«Առանց Անոր ոչ իսկ Եկեղեցին Քրիստոսի կենդանի հարսը պիտի ըլլար, այլ պիտի վերածուէր կրօնական կազմակերպութեան մը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ առանց Սուրբ Հոգիին կարելի չէ կառուցել Եկեղեցին ապա ակնարկեց Քահանայական ձեռնադրութեան` օծումի շնորհքին որով «մենք դարձանք Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդին հայրերն ու հովիւները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կեդրոնացաւ «օծման» նշանակութեան վրայ յայտնելով, որ «Յիսուս եւ Սուրբ Հոգին կը գործեն միասին, որպէս Հօր երկու ձեռքերը, որոնք մեզ կ՛ողջագուրեն եւ կը վերականգնեն»։ Տէրը արդարեւ միայն չ՛ընտրեց ու կոչեց մեզ այլ մեր վրայ հեղեց իր Հոգիին օծումը, նոյնը որ իջաւ առաքեալներուն վրայ» հաստատեց Քահանայապետը ու ակնարկեց առաքեալներու կոչումին, որոնք թողուցին ամէն բան ու ոգեւորութեամբ հետեւեցան Յիսուսին, մինչեւ Զատիկը։

Պենտեկոստէի երկրորդ օծումը

«Այնտեղ կարծես ամէն ինչ կանգ առաւ, անոնք մինչեւ իսկ Վարդապետը ուրացան ու լքեցին»...«խաչի գայթակղութեան դիմաց անոն բոլոր վստահութիւնները խորտակուեցան»։ Յիսուս գիտեր թէ անոնք առանձին չէին կարող յառաջ ընթանալ եւ ասոր համար անոնց խոստացաւ Սուրբ Հոգին» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ ճիշտ այս երկրորդ «օծումն»է որ Պենտեկոստէի օրը կը փոխակերպէ առաքեալները զանոնք մղելով արածելու Աստուծոյ հօտը եւ ոչ թէ իրենց զիրենք։

«Այսպիսի ուղեւորութիւն մը գոյութիւն ունի նաեւ մեր քահանայական ու առաքելական կեանքին մէջ» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով բազմաթիւ քահանաներուն որոնք առաջին կոչէն ետքը կ՜ապրին տագնապի պահեր, վրայ կը հասնին յուսախաբութիւններ, յոգնութիւն, փորձութիւններ, որոնցմէ շատ անգամ դուրս կու գանք «վատառողջ», ենթարկուած վտանգաւոր փորձութիւններու... սակայն, յարեց Սրբազան Պապը, այս տագնապը կարող է նաեւ դառնալ քահանայութեան շրջադարձային կէտ մը` «հոգեւոր կեանքի վճռական փուլը ուր պէտք է կատարել վերջին ընտրանքը ընդմէջ Յիսուսին եւ աշխարհին»։ Անիկայ օրհնուած ժամանակն է որուն ընթացքին կոչուած ենք ըլլալու «հեզ», ընդունելով սկսիլ նոր ուղի մը` Սուրբ Հոգիին ուղին» ըսաւ Քահանայապետը։

Սուրբ Հոգիին հետ ամէն ինչ կ՛ունենայ նոր հեռանկար

«Անոր օգնութեամբ մեզի համար կու գայ ժամը երկրորդ «օծումին» ու այս կարելի է միայն ընդունելով մեր տկարութիւններուն ճշմարտութիւնը», յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան երբ «Սուրբ Հոգին դերակատարը կը դառնայ մեր կեանքին», եւ թէ «ճիշտ այդ պահուն է որ ամէն բան կ՛ունենայ նոր հեռանկար, նոյնիսկ յուսալքումները եւ դառնութիւնը։

Սուրբ Հոգին ու միայն Ինքը կարող է մեզ բուժել անհաւատարմութիւնէն. Ան է ներքին Վարդապետը որուն պէտք է մտիկ ընել։ Թող որ Սուրբ Հոգին հայցելը դառնայ առօրեայ շնչառութեան առողջ գործընթաց» յորդորեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Սուրբ Հոգիին միջոցաւ իրագործուած «ներդաշնակութեան» մասին ու ասկէ մեկնելով խրախուսեց «մեր միջեւ եւս որդեգրելու ներդաշնակութիւնը», ու զայն պահպանելու։

Շնորհակալութիւն քահանաներուն

Սրբազան Պապը քարոզը աւարտեց շնորհակալութեան խօսք ուղղելով բոլոր քահանաներուն` անոնց վկայութեան ու ծառայութեան համար ու նաեւ այն թաքնուած բարիքին զոր անոնց կը կատարեն, ներումը եւ մխիթարութիւնը զոր անոնք կը մատուցեն Աստուծոյ անոնով։

«Թող Աստուծոյ Հոգին, ով հիասթափուած չի թողուր իրեն վստահողները, ձեզ լեցնէ խաղաղութեամբ և աւարտին հասցնէ այն ինչ որ ձեր մէջ սկսած է, որպէսզի դուք ըլլաք Անոր օծման մարգարէները և ներդաշնակութեան առաքեալները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

«Երկրորդ կոչումը» հատորը 

Պատարագի աւարտին բոլոր Քահանաներուն նուիրուեցաւ ֆրանսացի կաթողիկէ քահանայ հայր Ռընէ Վուայոմի՝ «Երկրորդ կոչումը» հատորը որուն մասին Քահանայապետը անդրադարձաւ իր քարոզին մէջ։

Հայր Վուայոմ ծնած է 1905ի յուլիսի 19-ին Վերսայի քաղաքին մէջ ու մահացած 2003-իմայիսի 13-ին Էքս-ան-Փրովէնսի մէջ՝ ու եղած է Յիսուսի Փոքր եղբայրներու միաբանութեան հիմնադիրը 1933-ին, Աւետարանի Փոքր եղբայրներու միաբանութեան` 1956 և 1963-ին Աւետարանի Փոքր քոյրերու միաբանութեան, որոնց հոգևորութիւնը ներշնչուած է Շարլ տը Ֆուքոյի կեանքով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2023, 10:57