Չորս օրերու դարմանումէն ետքը Քահանայապետը լքեց Ճեմելլի հիւանդանոցը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր մէկ ապրիլի առաւօտեան ժամը 10,35 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լքեց Ակոսթինօ Ճեմելլի համալսարանական հիւանդանոցը ու նախ քան Վատիկան վերադառնալը ողջունեց Կաթողիկէ Համալսարանի Ռէկտեր` Ֆրանքօ Անելլին ու անոր համագործակիցները, բազմաճիւղ հիւանդանոցի գլխաւոր տնօրէն` Մարքօ Էլեֆանթին ու Կաթողիկէ Համալսարանի Եկեղեցական ընդհանուր վարիչ` Գերապայծառ Քլաուտիօ Ճուլիոտորին ինչպէս նաեւ այս օրերուն իրեն խնամք տանող բժշկական անձնակամի անդամները։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունի։
Քահանայապետին ողջագուրումը դուստրը կորսնցուցած զոյգին
Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցի մուտքին կանգ առաւ ու ողջունեց այս առթիւ այնտեղ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալները, որոնք Անոր մաղթեցինք շուտափոյթ ապաքինում, Ան ապա յատուկէն ողջագուրեց զոյգ մը` որ իրենց դուստրը կորսնցուցին այս գիշեր, անոնց հետ պահ մը աղօթելով։
Սրբազան Պապը հուսկ իր օրհնութիւնները տալով բոլոր ներկաներուն վերադարձ կատարեց Վատիկան ուր արդեն նախատեսուած է, որ լուծուի իր առօրեայ աշխատանքին եւ իր իսկ յայտարարութեամբ վաղը պիտի գլխաւորէ Ծաղկազարդի Սուրբ պատարագը։
Այցելութիւն Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար
Յայտնենք որ նախ քան Վատիկան հասնիլը Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքաին ուր ամփոփուեցաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի` Հռոմի Ժողովուրդին փրկութիւն Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերին առջեւ, Անոր յանձնելով երէկ` հիւանդանոցին մէջ այցելած մանկական ուռուցքաբանութեան մասնաճիւղին մէջ խնամուած մանուկները ու բոլոր հիւանդները ու նեաւ անոնք որոնք կը տառապին իրենց սիրելիներուն հիւնադութիւններուն համար ու անոնց կորուստին համար։
Քահանայապետը Վատիկան ժամանեց ժամը 11,30 անց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ