Ֆրանչիսկոս Պապ. «Լիակատար զինաթափումը ցնորք չէ».
Ֆրանչիսկոս
Ի՞նչ կարող ենք յուսալ պատերազմներով եւ բռնութեամբ այսքան խոցուած աշխարհին մէջ: Կը շարունակենք մեր աչքերուն առջեւը տեսնել այն սարսափելի պատկերները, որոնք մեզի կը հասնեն բազմաչարչար Ուքրանիայէն, բայց շատ յաճախ չենք յիշեր մոռցուած այլ հակամարտութիւնները, բռնութեան այլ պոռթկումները, Երրորդ համաշխարհային պատերազմի բազմաթիւ «կտորները», որոնք ցաւօք կ’ապրինք:
Այսօր Զատիկ է, այսօր մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, կրկին յարութիւն կ’առնէ Խաղաղութեան Արքայազնը, Յիսուս Նազովրեցին, որ մտնելով վերնատուն, ուր հաւաքուած էին իր առաքեալները՝ տակաւին վախի ազդեցութեան տակ խաչին վրայ զԻնքը մահացած տեսնելով, ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի».
Խաղաղութիւն ձեզի այն ցանկութիւնն է, որ մենք կը փոխանակենք այս օրը: Պատերազմին եւ բռնութեանը իսկապէս «ոչ» ըսելու համար բաւական չէ միայն լռեցնել զէնքերը եւ կեցնել յարձակողները: Պէտք է ոչնչացնել պատերազմներու եւ բռնութիւններու արմատները, որոնք են՝ քէնը, նախանձը, ագահութիւնը։ Ինձ հաճելի է, որ այս օրերուն տարբեր լրատուամիջոցներ, ինչպէս ձեր շաբաթաթերթը, որոշած են տեղ եւ ձայն տալ խաղաղարարներուն։ Քանի որ պէտք է քաջութիւն ունենանք «զինաթափելու», «ապառազմականացնելու» սրտերը, հեռացնելու անորմէ թոյնն ու քինախնդրութիւնը։
Պէտք է նաեւ քաջութիւն ունենանք «ոչ» ըսելու այն վերազինումին, որու ականատեսն ենք ցաւօք, քանի որ իրական խաղաղութիւնը կարելի չէ, որ վախէն ծնի։ Պէտք ունինք՝ ինչպէս վաթսուն տարի առաջ Սուրբ Յովհաննէս ԺԶ Պապը անուանեց «Pacem in Terris»ի մէջ, «լիակատար զինաթափումի». պատերազմի բացակայութեան չափանիշը, որ հիմնուած է սպառազինութիւններու հաւասարակշռութեան վրայ, պէտք է փոխարինուի այն սկզբունքով, որ իրական խաղաղութիւնը կարելի է կառուցել միայն փոխադարձ վստահութեան մէջ։
Կը հասկնամ, որ որոշ անձերու ականջին այս խօսքերը կարող են ցնորք թուալ, յատկապէս այս պահուն։ Բայց ասիկայ ցնորք չէ, սա առողջ իրապաշտութիւն է. միայն դադրեցնելով սպառազինութիւններու մրցավազքը, որ կը շորթէ սովի ու ծարաւի դէմ պայքարելու եւ կարիքաւորներուն բժշկական օգնութիւն երաշխաւորելու միջոցները, կը կարողանանք խուսափել մեր մարդկութեան ինքնա-ոչնչացումէն:
Ահա թէ ինչու, Սուրբ Զատկի բարեմաղթութիւններուս հետ միասին, կը կրկնեմ Յարութիւն առած Նազովրեցիի խօսքերը. Խաղաղութիւն ձեզի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ