Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Catholic Extension Society» հաստատութեան պատուիրակութիւն մը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 26 ապրիլ 2023ի առաւօտեան, նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորելը Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ ու ողջունեց «Catholic Extension Society» հաստատութեան անդամները, որոնք այս շաբաթներուն հաւաքուած են Հռոմի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը նախ երախտապարտութիւն արտայայտեց` անոնց միսիոներական թեմերուն ի նպաստ յանձնառումին համար ու նաեւ տարբեր շրջաններուն մէջ աղքատներուն եւ դիւրաբեկներուն մատուցած հոգատարութեան ծառայութիւններուն համար։
Քրիստոսի Մարմնին անդամներուն միջեւ միութիւնը ստեղծողը Սուրբ Հոգին է
«Դուք Քրիստոսին Մարմինը` Եկեղեցին կառուցելու միտումով, ու ձայն տալով անոնց որոնք յաճախ առանց ձայնի են, կը վկայէք Աստուծոյ իւրաքանչիւր մարդու շնորհած արժանապատւութիւնը։ Ինչ` որ այսօր շատ կարեւոր է, մինչ համայն Եկեղեցին կը քալէ սիւնհոդոսականութեան միասնական ուղիին վրայ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ «բոլորին փորձառութիւններն ու հեռանկարները ունկնդրելն ու ներառելը կը հարստացնէ եկեղեցական ծառայութիւնը ու կեանքը, որովհետեւ Եկեղեցին նման է վիժակի մը, որ բաղկացած է բազմաթիւ առանձին թելերէ, որոնք կու գան տարբեր ժողովուրդներէ, լեզուներէ և մշակոյթներէ, բայց միասնութեամբ հիւսուած են Սուրբ Հոգիով»։
«Հոգին արդարեւ կը ստեղծէ միութիւնը Քրիստոսի Մարմնի բազմաթիւ անդամներուն միջեւ ներդաշնակութեամբ», ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները շարունակելու գործել ու արտայայտել Աստուծոյ ոճը, որ «հեռու, անտարբեր եւ անջատուած ոճ մը չէ» ըսաւ Ան , այլ «մօտիկութեան, կարեկցութեան ու քնքշութեան» ոճ է։
Աստուծոյ ոճը
«Եկեղեցին երախտապարտ է եղբայրական սիրոյ իւրաքանչիւր արտայայտութեան համար, հանդէպ անոր` որ կարիքի մէջ, որովհետեւ այդպէս որ Աստուծոյ սիրալիր ողորմութիւնը տեսանելի կը դառնայ եւ ընկերութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ կը նորոգուի» յարեց Քահանայապետը, որ ողջոյնի խօսքը աւարտեց դարձեալ նորոգելով երախտագիտութեան զգացումները ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները, որպէսզի զանոնք «օրհնէ իր իմաստութեամբ ու զօրութեամբ»։
«Եւ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել նաեւ ինծի համար որովհետեւ կարիքը ունիմ աղօթքի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ