Որոնել

2018.12.13 Foto di famiglia di Jorge Mario Bergoglio da giovane

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի մշտնջենաւոր ուխտերու յիսուն ամեակը

22 Ապրիլ 1973-ին էր երբ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն արտասանեց Յիսուսեան Միաբանութեան անդամակցութեան իր մշտնջենաւոր ուխտերը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր` 22 ապրիլին կը յիշատակուի Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի` Ֆրանչիսկոս Պապին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցութեան մշտնջենաւոր ուխտերու յիսուն ամեակը։ Արդարեւ այդ մէկը տեղի ունեցած է 22 Ապրիլ 1973-ին եւ 22 թուականը դասական այն թուականն է, որուն առթիւ Յիսուսեանները կը կատարեն իրենց ուխտերը եւ այս մէկը, որովհետեւ 22 ապրիլ 1542 Ինգնատիոս Տէ Լոյոլան եւ իր առաջին ընկերները Հռոմի մէջ կատարեցին իրենց մշտնջենաւոր ուխտերը նորաստեղծ միաբանութեան համար Պօղոս Գ Պապին հաւանութիւնը ընդունելէն ետքը։

Պերկոլիոն միաբանութեան անդամակցած էր 11 մարտ 1958ին եւ Քահանայ ձեռնադրուած 13 դեկտեմբեր 1969.

Ֆրանչիսկոս Պապին համար, ինչպէս ինք յիշեց 31 Յուլիս 2013ին «Յիսուս» Եկեղեցւոյ մէջ արտասանած քարոզին մէջ, Յիսուսեանը ամէնէն առաջ «ապակեդրոնացուած է» որովհետեւ ան մարդ մըն է, որ որպէս կեդրոն ունի Քրիստոսը։

«Պէտք է ըլլանք Եկեղեցւոյ մէջ արմատացած մարդիկ` այսպէս է- որ մեզ կ՛ուզէ Յիսուս» ըսած էր միշտ Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ «Քրիստոսին ծառայելը կը նշանակէ սիրել Եկեղեցին ու անոր ծառայել վեհանձնութեամբ եւ հնազանդութեան հոգիով»։

Քահանայապետը որպէս Յիսուսեանի մը այլ յատկանիշ նշած էր նաեւ, թէ Ան միշտ կը փնտռէ Յիսուսը այն գիտակցութեամբ թէ Յիսուսն է, որ մեզ փնտռեց որպէս առաջին, ապա որպէս երրորդ յատկանիշ` Սրբազան Պապը խօսած էր ամօթ զգալու մասին եւ խնդրելու այդ ամօթի զգացումի շնորհքը։ «Ամօթը` որ կը տանի հեզութեան ու մեզ գիտակից կը դարձնէ թէ մենք չենք Աստուծոյ Արքայութիւնը կառուցողները, այլ միշտ Տիրոջ շնորհքն է- որ կը գործէ մեր մէջ։... Հեզութիւն, որ մեզ բոլորս կը մղէ մենք մեզ դնելու ոչ թէ մեր կամ մեր գաղափարներու, այլ Քրիստոսի և Եկեղեցու ծառայութեան տակ...»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2023, 17:59