Որոնել

2013ին, Աւագ հինգշաբթի օր Ֆրանչիսկոս Պապ ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին 2013ին, Աւագ հինգշաբթի օր Ֆրանչիսկոս Պապ ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին 

Հռոմի անչափահասներու բանտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի լուայ 12 բանտարկեալներուն ոտքերը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատանիներու ոտքերը պիտի սրբէ ողորմութեան անձեռոցով, որպէս մարդկային համերաշխութեան ժեսթ, որ չդատեր, չդատապարտեր, չբարձրացներ պաշտպանութեան, մեկուսացման պատեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աւագ Հինգշաբթի օր՝ 6 ապրիլ 2023ին, ֆրանչիսկոս Պապ ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ Հռոմի «Քազալ Տէլ Մարմօ» անչափահասներու բանտին մէջ, լուալով 12 բանտարկեալ պատանիներուն ոտքերը։

Այս առնչութեամբ, Իտալիոյ բանտերու մատրանապետերուն վերատեսուչ, Հայր Ռաֆայելէ Կրիմալտիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանչիսկոս Պապ այս տարի եւս ընտրեց բանտ մը՝ կատարելու համար աւագ հինգշաբթի օրուան ոտնլուայի արարողութիւնը, նախընտրելով պատանիները։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Նորին Սրբութիւնը կը փափաքի կրկնել խոր մարդասիրութեան, եղբայրսիրութեան եւ մօտիկութեան ժեսթը՝ Հռոմի բանտի մը մէջ ընտրելով «Քազալ Տէլ Մարմօ» արգելարանը, հանդիպելու համար սիրոյ, քնքշութեան, ունկնդրութեան կարօտ պատանիներու հետ։

Իտալիոյ մատրանապետներու վերատեսուչին Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ ծունկի գալով պատանիներու առջեւ ներում պիտի հայցէ՝ յանուն հասարակութեան կարգ մը անդամներուն, որոնք մոռցած, լքած եւ գայթակղեցուցած են պատանիները։

Նորին Սրբութիւնը պիտի լուայ տարբեր ազգութենէն 12 պատանիներու ոտքերը ի նշան եղբայրական զօրակցութեան, հրաւէր՝ըսելու, որ եղբայրներ ենք՝ իրենց կեանքի գեղեցկութիւնը վերականգնելու խրախուսանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ֆրանչիսկոս Պապ պատանիներու ոտքերը պիտի սրբէ ողորմութեան անձեռոցով, որպէս մարդկային համերաշխութեան ժեսթ, որ չդատեր, չդատապարտեր, չբարձրացներ պաշտպանութեան, մեկուսացման պատեր» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ու աւելցուած է նաեւ «արդարութեան իրական նպատակը, ոչ թէ պատժել ու ճնշել է այլ հրաւէր է ուղղուած սխալ գործողին՝ վերականգնելու համար խզուած կապերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատանիներու առջեւ ծունկի եկած պիտի համբուրէ անոնց ոտքերը, այնպէս ինչպէս Յիսուս կատարեց, այն համբոյրը զոր չդաւաճաներ, ընդհակառակը Աստուծոյ քնքշութեան, հիւրընկալութեան համբոյրը՝ բարեկամի համբոյրը, անոր որ կը փափաքի վերականգնել չարի ցանցին մէջ ինկած պատանիները։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քահանայապետին աւագ հինգշաբթի օրը պատանիներուն հետ ապրելու ընտրանքը ունի հարեւանութեան համ, ընկերութիւնը, հաստատութիւնները եւ քաղաքականութիւնը զգայուն դարձնելու համար, նպատակ ունենալով ուղղորդել խիղճերը դէպի կրթական դաշինքներուն շօշափելի պատասխաններ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2023, 11:39