Որոնել

2018.01.16 Petersdom

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ «Vos estis lux mundi» չարաշահումներու դէմ ընթացակարգը

Գրեթէ չորս տարուայ փորձարկումներէ ետքը հրապարակուեցաւ անչափահասներու և խոցելի մեծահասակներու նկատմամբ սեռական բռնութեան կանխարգիլման և անոր դէմ պայքարի կանոններու թարմացուած տարբերակը։ Նոր փաստաթուղթ կը պարունակէ 2019էն մինչեւ օրս ներդրուած կարգաւորող բարեփոխումները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորս տարի փորձի շրջանէ յետոյ, խորհրդակցելով եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու եւ Հռոմէական Քուրիայի վերատեսչութիւններու հետ,  Ֆրանչիսկոս Պապը վերջնականապէս հաստատեց` Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս սեռային բռնութեան երեւոյթը կանխելու և անոր դէմ պայքարելու ընթացակարգերը` որոնք պարունակուած են «Vos estis lux mundi» Ինքնագիր նամակի նոր տարբերակին մէջ, որը չեղեալ կը յայտարարէ 2019-ի մայիսին հրապարակուած նախորդ փաստաթուղթը եւ կը հաստատէ այս յանցագործութիւններու դէմ պայքարը շարունակելու կամքը։

Նոր կանոններ հայող աշխարհականներուն

Օրէնսդրութեան այս նոր տարբերակի ամենակարևոր նորամուծութիւնը կը վերաբերի «Բ Բաժնին», որ կը հայի եպիսկոպոսներու, կրօնական վերնախաւի և հոգևորականներու պարտականութիւններուն, որոնց յանձնուած է  պատասխանատուութիւնը  որոշակի Եկեղեցւոյ կամ առաջնորդարանի: Այստեղ փաստօրէն աւելցուած են նաեւ աշխարհական հաւատացեալները, «որոնք համադրողներ եղած են Առաքելական Աթոռի կողմէ ճանչցուած կամ կառուցուած հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւններուն» եւ պատասխանատու կը նկատուին իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակ տեղի ունեցած արարքներուն համար»։

Նոր փաստատուղթին մէջ ներմուծուած են նաեւ 2019էն ի վեր հրատարակուած ու կանոնագրութիւնը վերատեսող նոր կանոնները որոնց շարքին զոր օրինակ կանոնը, որ կը հայի «խոցելի չափահասներուն» եւ վեցերորդ պատուիրանի դէմ գործադրուած յանցագործոթեան….

Հանրութեան հասանելի գրասենեակներ

«Vos estis lux mundi»-ի նոր տարբերակին մէջ կը նշուի նաև, որ եկեղեցական թեմերը պէտք է ունենան «մարմիններ և գրասենեակներ», որոնք դիւրութեամբ հասանելի ըլլան հանրութեան հաշուետուութիւնները ստանալու համար ու կը հաստատուի թէ հետաքննութիւնը պէտք է կատարէ եպիսկոպոսը, որուն թեմէն ներս տեղի ունեցած են հաղորդուած իրադարձութիւնները։

Փաստաթուղթին մէջ ընդգրկուած չեն միայն անչափահասներու և խոցելի մեծահասակներու նկատմամբ ոտնձգութիւններն ու բռնութիւնները, այլեւ սեռական բռնութիւնն ու ոտնձգութիւնները, որոնք յառաջ կու գան լիազօրութիւններու չարաշահման հետևանքով: Հետևաբար, այս պարտաւորութիւնը կը ներառէ նաև կրօնաւորուհիներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերը հոգևորականներու կողմէ, ինչպէս նաև նորընծաներու նկատմամբ ոտնձգութիւններու դէպքերը:

Տիեզերական օրէնք

Նշենք որ այս նոր փաստաթուղթին հրատարակութեան մասին արտայայտուելով Հաւատքի Վարդապետւթեան Վերատեսչութեան օգնական քարտուղար Մալթացի եպիկոպոս Գերապայծառ Շարլ Շիքլունա, որ մասնագէտ է չարախահումներու դէմ պայքարի ասպարեզէն ներս, նշեց` թէ այս նոր փաստաթուղը դարձաւ «տիեզերական օրէնք» ու թէ հարկաւոր է «մտայնութեան փոփոխութիւնը»։

Սրբազան Պապին «Vos estis lux mundi» Ինքնագիր նամակի մէջ պարունակուած ամենակարևոր փոփոխութիւնը «միջազգային ընկերակցութիւններու ղեկավար աշխարհական հաւատացեալներու դէմ մեղադրանքներու զեկուցման և հետաքննութեան մանրամասն ընթացակարգի ներդրումն է» ըսաւ ի միջի այլոց Գերապայծառ Շիքլունա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2023, 12:00