Որոնել

fantasia luce Dio Giudizio

«Մեր սենեակին լոյսը չմարենք նախ քան մենք մեզ չդնենք Աստուծոյ լոյսին ներքոյ». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Առիթը տանք Տիրոջ, որ արթնցնէ մեր սիրտը, բանալով Աւետարանը ու թոյլ տալով հրապուրուիլ Աստուծոյ Խօսքով, որ կը լուսաւորէ մեր քայլերը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

“Քառասնորդացի այս շրջանին լաւ է մեզի համար չմարել մեր սենեակին լոյսը առանց որ մենք մեզ չդնենք Աստուծոյ լոյսին ներքոյ։ Առիթը տանք Տիրոջ, որ արթնցնէ մեր սիրտը, բանալով Աւետարանը ու թոյլ տալով հրապուրուիլ Աստուծոյ Խօսքով, որ կը լուսաւորէ մեր քայլերը։”

13 Մարտ 2022ի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին արտասանած խօսքերն են ասոնք, որ առանցքը կազմեցին Նորին Սրբութեան այսօր` 28 Մարտ 2023ին հրատարակած թուիթին, որուն միջոցաւ Ան կը հրաւիրէ Մեծ Պահքի ընթացքին օրուան աւարտին, յոգնութիւններէն ետքը, երեկոյեան անկողին չմտած աղօթել ու կարդալ Աւետարանէն հատուած մը եւ կամ, ինչպէս ըսած էր անցեալ տարուայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան մէջ, «նայինք Խաչեալին ու հիանանք Աստուծոյ խելագար սիրով, որ երբեք չի յոգնիր մեզմէ և իշխանութիւն ունի փոխելու մեր օրերը, անոնց նոր իմաստ տալու, տալու տարբեր լոյս մը, անսպասելի լոյս»:

 Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտած էր հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ  «օգնէ մեզի` արթուն պահելու մեր սրտերը, որպէսզի ընկալենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքի ժամանակը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 13:30