«Հիւրընկալութիւնը շօշափելի յանձնառում մըն է ի նպաստ խաղաղութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 18 Մարտի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց մարդասիրական միջանցքներու միջոցաւ Եւրոպա հասած գաղթական ընտանիքներուն եւ անոնցմով զբաղող ու զանոնք հիւրընկալող հասարակութիւններուն ու կազմակերպութիւններու անդամներուն։
Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց «Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան, Աւետարանական Եկեղեցիներու դաշնութեան եւ Վալտէզ Եկեղեցւոյ այս ուղղութեամբ տարուած միատեղ ստեղծագործ գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ, Իտալիոյ Կառավարութեան ու Եւրոպական այլ կառավարութիւններու այս ուղղութեամբ յանձնառումը
Մարդասիրական միջանցքները
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա 2016ին սկիզբ առած «մարդասիրական միջանցքներու» ծրագրին նկատել տալով թէ ան «ողբերգական կերպով այժմէական» է ու նաեւ «անհրաժեշտ», ի տես վերջերս նաեւ Իտալիոյ Քութրօ քաղաքի ծովափին տեղի ունեցած նաւաբեկութեան, զոր ըսաւ Քահանայապետը «պէտք չէր տեղի ունենար» եւ «պէտք է ամէն բան ընել, որպէսզի դարձեալ չի կրկնուի»։
«Միջանցքները կամուրջներ կը կառուցեն զոր ապահովութեամբ օգտագործեցին բազմաթիւ մանուկներ, կիներ, մարդիկ ու տարեցներ...այդ կամուրջները կը հատեն սահմանները եւ աւելին անտարբերութեան պատերը», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «իւրաքանչիւր անձի պատմութիւնը արժանի է ուշադրութեան» ու մատնանշեց Լիպիայի մէջ կալանավայրերուն ուր շատեր ապրեցան ցաւալի փորձառութիւններ։
Չկայ հիւրընկալութիւն առանց ընդելուզման
«Մարդասիրական միջանցքները գործնական ճանապարհ մըն են խուսափելու համար ողբերգութիւններէն ու մարդավաճառութեան հետ կապուած վտանգներէն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով նաեւ թէ «Մարդասիրական միջանցքները ոչ միայն Իտալիա եւ Եւրոպական այլ երկիրներ կը հասցնեն գաղթականները, զանոնք փրկելով վտանգի իրավիճակներէն, այլեւ կը գործեն «ընդելուզման» ուղղութեամբ, որովհետեւ «չկայ հիւրընկալութիւն առանց ընդելուզման» յարեց Ան մեծապէս կարեւորելով «ընդելուզումը» ու շնորհակալութիւն յայտներով բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն հիւրընկալումի ծիրէն ներս, հաստատելով որ «հիւրընկալութեան պատմութիւնը շօշափելի յանձնառում մըն է ի նպաստ խաղաղութեան»։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթելու հայր մեր աղօթքը ապա նշեց թէ ինք պիտի աղօթէ բոլորին համար բայց կը խնդրէ նաեւ` որ անոնք աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ