Որոնել

2023.03.17 Predica di Quaresima

Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ Քառասնորդացի մտածականներու չորրորդ նիստին

Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան այս չորրորդ մտածականի որպէս կեդրոնական նիւթ` ծէսը, միշտ որպէս դիտաւորութիւն ունենալով սատարել սիւնհոդոսական աշխատանքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 24 մարտ 2023-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Քահանայապետական Տան Քարոզիչ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի Մեծ Պահքի շրջանի չորրորդ մտածականի նիստին։ Կարդինալ Քանթալամեսսա այս տարուայ մտածականներու որպէս նիւթ ընտրած է «Նորոգել Նորութիւնը» նիւթը, որ իր իսկ բացառութեամբ  նպատակ ունի` «քաջալերել զմեզ Սուրբ Հոգին դնելու Եկեղեցւոյ կեանքին ներքոյ, մասնաւորապէս այս պահուն, Սիւնհոդոսի աշխատանքներու սրտին մէջ։ Այլ խօսքով, ընկալել հրաւէրը զոր Յարուցեալը, Յայտնութեան գիրքին մէջ (Յայտն. 2, 7). կ՛ուղղէ Փոքր Ասիայի եօթ եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրին «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։

Մտածականի նիստէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց 2022 թուականի ապրիլի 20-ին և 23-ին ածխահանքերու մէջ զոհուած լեհ հանքագործներու ընտանիքներուն ապա հանդիպեցաւ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Բացի Ֆրանչիսկոս Պապէն մտածականի նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին  Վատիկանի Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներն ու անդամները եւ Վատիկանի աշխատակիցներ։

Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան այս չորրորդ մտածականի որպէս կեդրոնական նիւթ` ծէսը, միշտ որպէս դիտաւորութիւն ունենալով սատարել սիւնհոդոսական աշխատանքներուն։

«Ծիսակատարութիւնը աւետարանութեան ժամանման կէտն է» ըսաւ Կարդինալ Քանթալամեսսան հաստատելով, որ Եկեղեցին խնճոյքի սրահն է եւ Հաղորդութիւնը` անոր պատրաստած «Տիրոջ կերակուրը» եւ ասկէ մեկնելով խորհրդածութիւնը ծաւալեց անդրադառնալով քրիստոնեայ հասարակութեան առաջին օրերու ծիսակատարութեան, անոր մէջ դարերու ընթացքին ներմուծուած բարեփոխումներուն, անոր այսօրուայ մարդուն կեանքի յարմարցնելու հարկաւորութեան ու անոր իմաստին ու դերակատարութեան ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ հասարակութիւններու կեանքէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 10:00